2016-02-26 10:48:00

Որդեգրութեան Աւետիսը


Նախորդ հաղորդումին մէջ լսեցինք Յաճախապատում ճառերու խօսքերը, ուր մեզի կը յայտնուի Արարիչին խնամակալութիւնը, ողորմածութիւնը եւ գութը՝ ցուցաբերուած նիւթական եւ հոգեւոր սնունդի առատապարգեւ բաշխումով։

Սոյն ճառերուն մէջ կը կարդանք՝ «Պէտք է վայելել այս հոգեւոր սնունդները, եւ ընտելանալ Արարիչի ամենազօր Տէրութեան եւ խնամքին, որ երկնքէն, երկրէն, ջուրէն եւ օդէն բոլորին կեանք տուաւ։ Ասոնցմով մեզի կը սորվեցնէ եւ կը հրահանգէ որդեգրութեան անմահ ժառանգութեան խոստացեալ աւետիսի մեծ յոյսին մէջ. որովհետեւ արդէն հոս տուաւ ազատութեան առհաւատչեան՝ աւազանի շնորհքով եւ Քրիստոսի մարմնով եւ արեամբ։ Որպէսզի զանազան առաքինութիւններով մարմնապէս ճիգ թափելով, ցոյց տան համբերութիւն՝ ըստ Աստուծոյ հաճոյութեան, ահով եւ սուրբ սիրով գործելով Տիրոջ կամքը։ Որովհետեւ եթէ  Տէր է, ինչպէս կʼըսէ Սուրբ Գիրքը՝ ու՛ր է երկիւղը Անոր հանդէպ. եւ եթէ հայր՝ թող ըլլայ անոր կամքը ինչպէս երկնքի մէջ այնպէս ալ երկրի վրայ։ Այս կը կատարուի տրուած օրէնքներու եւ կարգեալ պատուիրաններու միջոցաւ, ըլլալու մարտիկ՝ լաւագոյն առաքինութեան եւ զօրութեան մէջ։ Եւ յաղթական հանդիսանալով՝ պսակուիլ Քրիստոսէ»

Աստուած չի բաւարարուիր տիեզերքը, բոլոր կենդանի արարածները եւ մարդը ստեղծելով, այլ Իր հոգատարութիւնը ցոյց կու տայ մշտապէս։ Նաեւ մարդու մեղանչելէն ետք, Ան չի լքեր մարդ արարածը եւ անոր կու տայ «յոյսի աւետիսը», փրկիչի մը գալուստը՝ որ կʼիրականանայ Իր իսկ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ։ Աստուած կը շարունակէ իր ողորմածութեամբ պարուրել մարդը. Իր Որդւոյն միջոցաւ մարդուն կը շնորհէ «որդեգրութեան շնորհքը»։ Նոր Ուխտի մէջ մարդ արարածը կʼընդունի «որդեգրութեան շնորհքը» «Սուրբ Աւազանով», այսինքն Մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հաղորդութեամբ։ Մկրտութիւնը, Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ բոլոր խորհուրդները շնորհք են. այսինքն՝ տրուած Աստուծոյ կողմէ առանց նկատի առնելու մարդու արժանիքը։ Մարդ արարածը ոչ մէկ արժանիք ունի, ամէն ինչ շնորհք է։ Իսկ աստուածային շնորհքի ընկալման ամենէն ազդու միջոցները Սուրբ Խորհուրդներն են։ Արդ, ո՞րն է մարդ արարածի մասնակցութիւնը։ Մարդուն կը մնայ «կատարել Աստուծոյ կամքը՝ ահիւ եւ դողութեամբ»։

Ինչու՞ ահիւ, ինչու՞ վախ եթէ Աստուած ողորմած Հայրն է։ «Ահիւ, դողութեամբ, եւ երկիւղիւ» բացատրութիւնները ստէպ գործածուած են նաեւ Սուբ Գրքի մէջ։ Երբ այնտեղ կը կարդանք «երկիւղած մարդ» բացատրութիւնը, այդ չի նշանակեր «վախկոտ» կամ «ընկճուած»։ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած «երկիւղը» պատկառանք է. իսկ «ահ ու դողութիւն»՝ ճանաչում մեր մարդկային խեղճութեան, մեղսականութեան։ Այն րոպէին, որ մարդ արարածը աստուածային լոյսին տակ կը ճանչնայ իր խեղճութիւնը, բնական է որ ահ պիտի զգայ Աստուծոյ կատարելութեան դիմաց. ահ պիտի զգայ, որովհետեւ գիտակից է մեղքերուն եւ Աստուծոյ դատաստանին։ Այս «երկիւղը» պէտք չէ երբեք իբր առանձին իրականութիւն մը նկատել՝ այլ զայն միշտ տեսնել Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդին մէջ, ինչպէս Յովհաննէս Առաքեալ կը գրէ՝ «սիրոյ մէջ վախ չկայ»։ Այդ «երկիւղը», ըստ մեր հոգեւոր հեղինակներուն լաւ բան մըն է, եւ  մեզ առաւել եւս կը խորացնէ մեր անձի ճանաչումին մէջ, որ կատարելութեան ճամբուն վրայ յառաջանալու կարեւոր պայմաններէն մին է։

Սուրբ Գրքին մէջ կը կարդանք՝ «սկիզբն իմաստութեան՝ երկիւղ տեառն»։ (Իմաստ Ա. 7) Որքան աւելի մօտենանք Աստուծոյ, այնքան աւելի մեծ է մեր երկիւղը Աստուծոյ հանդէպ, եւ այնքան աւելի կʼաճի մեր իմաստութիւնը։

Ասոր համար է, որ Յաճախապատումի հեղինակը կը գրէ եթէ Աստուած կը ճանչնանք «իբր Տէր՝ ուրեմն երկիւղ պէտք է ունենանք. եթէ իբր Հայր, ուրեմն Անոր կամքը պէտք է կատարենք»։ Կամքի կատարումը նաեւ սիրոյ արտայատութիւն է։ Մենք ստէպ կը խօսինք մայրական սիրոյ մասին։ Սուրբ Գրքի մէջ «Հայր»ը կը յայտնուի իբր սէր, գուրգուրանք եւ ողորմածութիւն։ Վերջապէս՝ Աստուծոյ կամքին կատարումը եւ մեր համագործակցութիւնը Անոր շնորհքին հետ՝ շնորհակալու սրտով, մեզ պիտի տանի յաղթութեան՝ ընդունելու պսակը «Արարիչ Քրիստոսէ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.