2016-02-25 09:18:00

Շահպազ Պհաթիի սպանութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ ձեռնարկներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Փաքիստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ եւ Քարաքի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ժոզէֆ Քութս, 28 փետրուարէն մինչեւ 3 մարտ, հիւրը կը հադիսանայ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան որ` Շահպազ Պհաթիի սպանութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ, ձեռնարկներ կազմակերպած է Հռոմի, Ճենովայի­, Միլանոյի եւ Թորինոյի մէջ ոգեկոչելու համար նահատակ Պհաթիի յիշատակը ու միեւնոյն ատեն լուսարձակի տակ դնելու քրիստոնեայ հասարակութիւններու իրողութիւնը, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ ուր անոնք թիրախ են հալածանքներու եւ բռնութիւններու։

Ձեռնարկներու շարքին` 29 փետրուարին, գերապայծառ Քութս Հռոմի Աստուածային Ողորմութեան սրբավայրն մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ ''Փաքիստան, Շահպազ Պհաթիի սպանութենէն ետք, հալածանքը կը շարունակուի'' նիւթով մամլոյ ասուլիս, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։  Ճենովա քաղաքին մէջ նախատեսուած է ապա ''Աշխարհի մէջ Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներն ու խտրականութիւնը'' նիւթով  համագումար, իսկ Միլանոյի մէջ ''Շահպազ Պհաթթի եւ Քրիստոնեաներու մարտիրոսութիւնը Փաքիստանի մէջ'' բնաբանով  այլ հանդիպում մը։

Հինգշաբթի 3 մարտին Թորինոյի մէջ նախատեսուած է   ''յուսալով ամէն յոյսի հակառակ։ Հալածուած Քրիստոնեաներ` Փաքիստանէն վկայութիւն'' վերտառութեամբ  համաժողով։








All the contents on this site are copyrighted ©.