2016-02-25 10:12:00

Մոսկուա եւ Դամասկոս Սուրիոյ մէջ զինադուլը մերժող զինեալ խմբաւորումները պիտի նկատեն ահաբեկչական


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք կը մերժեն զինադուլին յանձնառու դառնալ, պիտի նկատենք ահաբեկչական»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը իր կարգին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք մերժած են մարտական գործողութիւններու դադրեցման որոշումը, ահաբեկչական պիտի նկատուին»:

23 փետրուարին կարգ մը արաբական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ ընդդիմադիր Սուրիական ազատ բանակի խումբերէն մէկ քանին կը յայտարարեն, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը չեն ընդունիր, եթէ անիկա չի ներառեր Ժապհաթ Նուսրան, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նկատուած է ահաբեկչական խմբաւորում:








All the contents on this site are copyrighted ©.