2016-02-25 10:42:00

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան նախնական ընտրութիւններ. Թրամփ յաղթանակ արձանագրած է Նեւատայի մէջ


«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ամերիկեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ միլիառատէր Տոնալտ Թրամփ Նեւատա նահանգին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու առաջադրուելու ներկուսակցական ընտրութիւններուն ընթացքին համոզիչ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով քուէներուն 42 առ հարիւրը:

Ըստ կարգ մը տուեալներու, Թրամփ առաւել մեծ թիւով ձայներ հաւաքած է նոյնիսկ Լատին Ամերիկայէն սերածներու շրջանակին մէջ, հակառակ անոր որ բազմիցս յայտարարած է Մեքսիքայի հետ սահմանին պարիսպ կառուցելու անհրաժեշտութեան մասին` գաղթականներու հոսքը զսպելու համար:

Երկրորդ դիրքին համար պայքարը կ՛ընթանայ Ֆլորիտայէն ծերակուտական Մարք Ռուպիոյի եւ Թեքսասէն ծերակուտական Թետ Քրուզի միջեւ, որոնք նախնական տուեալներով, հաւաքած են ձայներուն համապատասխանաբար 25 եւ 21 առ հարիւրը:

Նախնական տուեալներով` Նեւատայի մէջ կուսակցական ժողովներուն մրցանշային թիւով ընտրողներ մասնակցած են: Նոյն ատեն, քուէարկութեան բազմաթիւ վայրերէ տեղեկութիւններ ստացուած են ընտրութիւններու չափազանց վատ կազմակերպման, մէկէ աւելի անգամներ քուէարկելու առանձին մասնակիցներու փորձերու եւ քուէներու հաշուարկման ընթացքին կատարեալ քաոսի վերաբերեալ:

Հանրապետական կուսակցութեան «Թուիթըր»-ի պաշտօնական էջին մէջ խոստում հրապարակուած է ամենայն լրջութեամբ այդ դէպքերէն իւրաքանչիւրը հետաքննելու մասին:

Նեւատան դարձած է Միացեալ Նահանգներու չորրորդ նահանգը, ուր տեղի ունեցած են հանրապետականներու ներկուսակցական ընտրութիւնները: Անոնցմէ երկուքին մէջ յաղթանակ արձանագրած է Տոնալտ Թրամփը, ան միայն Այոայի մէջ զիջած է Թետ Քրուզին:

Ներկուսակցական յաջորդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան «գերերեքշաբթի»`1 մարտին, երբ միաժամանակ նախնական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 10-է աւելի նահանգներու մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.