2016-02-25 14:10:00

Եւթոպիայի Թեւահետօ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Ապունա Մաթթիաս պիտի այցելէ Ֆրանչիսկոս Պապին


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդը , կը նշէ թէ  26-29 փետրուարի 2016-ին,  Եւթոպիայի Թեւահետօ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիաս,  Հռոմ պիտի ժամանէ եւ առիթ պիտի ունենայ հանդիպելու  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիաս, Եւթոպիոյ Թեւահետօ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք ընտրուած է 28 փետրուար 2013—ին։

Եւթոպիայի Թեւահետօ օրթոտոքս եկեղեցին մաս կը կազմէ Արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքին։ Ան միակ եկեղեցին է, որ պահպանած է հրէական կարգ մը աւանդութիւններ, ինչպէս թլփատութեան սովորութիւնը,   որոշ սննդական  օրէնքներու պահպանումը, ինչպէս նաեւ շաբաթ եւ կիրակի օրերը՝ որպէս տօնական օր համարելը։

Եւթոպիայի Թեվահետօ օրթոտոքս եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները  կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ՝ լաւ  եւ բարգաւաճման վիճակի մէջ կը գտնուին։

Անոնց երբեմնի Պատարիարք՝ գերերջանիկ Ապունա Պաուլոս, 1993-ին՝ այցելած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, ապա 2009-ին, այցելած է Պենետիկոս Զ Պապին։

Որպէս անդամ արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներուն ընտանիքին, Եւթոպիայի օրթոտոքս Թեւահետօ եկեղեցին , պաշտօնապէս կը մասնակցի  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներուն Աստուածաբանական երկխօսութեան ի սպաս միջազգային խառն յանձնախումբին։

Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիաս Պատրիարքը,  յառաջիկայ 29 փետրուարին՝ պիտի այցելէ Ֆրանչիսկոս Պապին։ Ան պիտի այցելէ նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդը։ Ապա յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ  Սուրբ Պետրոսի Գերեզմանը։

Կիրակի 28 փետրուարին,  Հռոմի  Ուրպանիանօ անուան  վարժարանի եկեղեցւոյ մէջ  Եւթոպացի հասարակութեան մասնակցութեամբ՝ Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիաս Պատրիարքը պիտի գլխաւորէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.