2016-02-25 09:15:00

''21-րդ դարու կրօնաւորներ եւ գաղթականներ'' վերտառութեամբ համագումար։


(Ռատիօ Վատիկան) Գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան Քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղար` գերապայծառ Պերթոլիօ իր միջամտութիւնը բերելով ''21-րդ դարու կրօնաւորներ եւ գաղթականներ'' վերտառութեամբ համագումարին հաստատած է թէ ''համայն մարդկային հասարակութիւնը, եկեղեցւոյ հետ միասին, կանչուած է ''ձեռք երկարելու'' գաղթականին եւ ապստանեալին։

Աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած կրօնաւորները, համագումարի ընթացքին միասնաբար քննարկեցին ու բաժնեկցեցան միասնական պարտականութիւնը ի նպաստ գաղթականին։ Գերապայծառ Պերթոլիօ ուսումնասիրելով Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականութեան եւ թափառաշրջիկութեան միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած 2016-ի պատգամը, յորդորեց ներկաները գործելու ''հիւրընկալութեան'' եղանակով եւ ասկէ առաջ գաղթականութեան հոսքի դրդապատճառները ուսումնասիրելով` ըլլայ ան` կամայ թէ ակամայ։

''Ի տես աշխարհի մէջ աւելի քան 19 միլիոն գաղթականներուն եւ 38 միլիոն իրենց երկիրներուն մէջ տեղահաններուն ու աւելի քան 2 միլիոն անձերու` որոնք կը սպասեն իրենց ապաստանեալի դիմումնագիրներու արդիւնքին, Քահանայապետին պատգամը կը յորդորէ պատասխանը որոնել Ողորմութեան Աւետարանին մէջ'' ըսաւ գերապայծառ Պերթոլիօ, յանձնարարելով վերագտնել ողորմածութեան հոգին որպէս յանձնառում` համապատասխանելու համար ներկայի գաղթականութեան իրավիճակին ու յատկապէս այն ինչ կը հայի ողբերգական իրողութիւններուն որոնք յաճախ յառաջ կու գան անարդարութենէն եւ անհատականութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.