2016-02-24 11:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութււնը ''Ողորմութիւն եւ իշխանութիւն''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 24 փետրուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ շարունակելով ողորմութեան մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Ողորմութեան եւ Իշխանութեան վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս. ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ. այսօր կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները անդրադառնալով ողորմութեան մասին Սուրբ Գիրքի մէջ,  ուր զանազան հատուածներուն մէջ կը խօսուի հզօրներու, թագաւորներու ու բարձր պաշտօնի վրայ մարդոց մասին ու անոնց ամբարտաւանութեան ու գործած չարաշահումներու մասին։

''Հարստութիւնն ու իշխանութիւնը իրականութիւններ են որոնք կրնան բարի եւ նպաստաւոր ըլլալ հասարակաց բարիքին համար եթէ անոնք դրուին աղքատներու եւ բոլորին տրամադրութեան տակ, արդարութեամբ եւ սիրով։ Սակայն երբ, ինչպէս յաճախ կը տեսնենք, անոնք կ՛ապրուին որպէս առանձնաշնորհում, եսասիրութիւն եւ պատուհաս, կը դառնան մահուան եւ կաշառակերութեան գործիք'' ըսաւ Սրբազան Հայրը օրինակ բերելով Սուրբ գրային այն հատուածը որ կը խօսի Աքաապ թագաւորի մասին որ կ՛ուզեր տիրանալ Նաբոթի այգիին (Գ Թագաւորներու գիրք գլուխ 21)։

Ասոնցմէ  ետք  հետեւեալը  պատահեցաւ:  Սամարիայի  մէջ,  Աքաաբ  թագաւորի  կալին  քով,  Նաբովթ  յեզրայելացին  այգի  մը  ունէր: Թագաւորը Նաբովթի հետ խօսեցաւ եւ ըսաւ. Ինծի տուր քու այգիդ,  որ  բանջարանոցի  վերածեմ  ինծի  համար,  քանի  որ  մօտ  է ան  իմ  տունիս  եւ  անոր  փոխարէն,  անկէ  ալ  աւելի  լաւ  այգի  մը կու  տամ  ես  քեզի:  Իսկ  եթէ  կը  նախընտրես,  արծաթով  կը  վճարեմ  քեզի  քու  այգիիդ  փոխարժէքը,  որ  բանջարանոցի  վերածեմ այդ ինծի: Նաբովթ  թագաւորին  ըսաւ.  Աստուած  չընէ,  որ  քեզի  տամ  իմ հայրերուս ժառանգութիւնը:

Նաբովթ այդպէս կը պատասխանէ Թագաւորին որովհետեւ Իսրայէլացիներուն համար հայրենական հողը սուրբ է։ Սակայն Յեզաբէլ` թագաւորին կինը, տեսնելով իր ամուսնոյն տրտմութիւնը  հրովարտակ մը հրապարակել կու տայ, իր ամուսնոյն անունով, քարկոծումի դատապարտելով Նաբովթը։  Յեզաբէլ բացարձակ կը նկատեր ամուսնոյն իշխանութիւնը։ Յիսուս սակայն մեզի կ՛ըսէ ''Գիտէք ազգերու պետերը կ՛իշխեն անոնց վրայ եւ հզօրները կը տիրապետեն անոնց։ Թող այսպէս չ՛ըլլայ ձեր մէջ. Ընդհակառակը եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ մեծ ըլլալ` թող ձեր սպասաւորն ըլլայ'' (Մատթ 20, 25-27)։

''Եթէ կորսնցնենք ծառայութեան հոգին, իշխանութիւնը կը դառնայ ամբարտաւանութիւն եւ ահա այս է այն ինչ որ պատահեցաւ Նաբովթի այգիի դրուագին մէջ։ Յեզաբէլ` իշխանութիւնը շահագործեց անարդարօրէն տիրապետելու համար Նաբովթի այգիին վրայ։ Ահա թէ ուր կը տանի կեանքը անարգող, անարդար եւ անողորմ իշխանութիւն մը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով Եսայի մարգարէին խօսքերը որ կը յանդիմանէ անոնք որոնք անարդարօրէն կը գործեն։

Աստուած սակայն աւելի մեծ է չարիքէն ու մարդոց չար խաղերէն - նկատել տուաւ Ֆրանչիկսոս Պապը դիտել տալով թէ ''Տէրը` իր անհուն ողորմութեամբ Եղիա մարգարէն կ՛ուղարկէ Աքաապ թագաւորին մօտ որպէսզի ապաշխարէ։ Եւ Թագաւորը հասկնալով եւ ընդունելով իր մեղքը խոնարհութեամբ ներում կը հայցէ եւ Տէրը կ՛ընդունի անոր զղջումը։ Թէեւ անմեղի մը մահը ու գործուած չարիքը ունի իր հետեւանքները որոնք մարդոց պատմութեան մէջ հետքեր կը թողուն ու վէրքեր կը յառաջացնեն։

Սակայն այս պարագային եւս ողորմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ հիմնական ուղին որուն հետամուտ ըլլալու ենք։ Ողորմութիւնը արդարեւ կարող է դարմանել վէրքերը եւ բարեփոխել պատմութիւնը։ Քու սիրտդ բաց ողորմութեան - յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Աստուածային ողորմութիւնը աւելի հզօր է մարդոց մեղքէն։ 

Մենք կը ճանչնանք Անոր զօրութիւնը երբ կը մտաբերենք Աստուծոյ անմեղ Որդոյն գալուստը որ մարդացաւ յաղթահարելու համար չարը իր ներումով։ Յիսուս Քրիստոս իսկական թագաւորն է։ Անոր իշխանութիւնը սակայն արմատապէս տարբեր է։ Անոր գահը խաչն է։ Ան սպաննող թագաւոր մը չէ, ընդհակառակը` Ան կեանք կը պարգեւէ։ Յիսուս Քրիստոս, իր մօտիկութեամբ ու քնքշութեամբ, մեղաւորները կ՛առաջնորդէ շնորհքի ու ներումի վայր։ Ահա այս է Աստուծոյ ողորմութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.