2016-02-24 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ողորմութեան Տարուայ ընթացքին իշխանութիւնը ապրեցէք որպէս ծառայութիւն''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 24 փետրուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային  ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան  աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց հրատարակը համախմբուած, աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած  բազմահազար հաւատացեալները, մաղթելով որ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին իշխանութիւնը ապրին որպէս ծառայութիւն Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ` սիրոյ, արդարութեան ու հասարակաց բարիքի չափանիշով։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն դիտել տալով թէ քառասնորդաց շրջանը` հարմար ժամանակ է ամրապնդելու հոգեւոր կեանքը։ Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն մաղթեց որ գործադրուած ծոմապահութիւնը օգնէ անոնց աւելիով ճանչնալու իրենք զիրենք, հիւանդներուն յորդորուեց աղօթքի դիմել ու իրենց ցաւերը յանձնել Աստուծոյ զգալով անոր մօտիկութիւնը ապա նորապսակները խրախուսեց ողորմութեան ներգործութիւններով ապրիլ իրենց ամուսնական կեանքը զայն բանալով եղբայրներու կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.