2016-02-24 09:34:00

Ռայի Պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան հաղորդագրութեան


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի, 23 փետրուարին առաւօտեան, մեկնեցաւ Վատիկան, ուր պիտի մասնակցի կրօնական ժողովներու:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի կառավարութեան հաղորդագրութեան` ընդգծելով, որ Լիբանան ճանչցուած է իբրեւ բոլոր երկիրներուն բարեկամ երկիր մը եւ ոչ մէկ շահ ունի այս կամ այն պետութեան հետ թշնամութիւն սերմանելու առումով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հարցերն ու տագնապները քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծել:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք զարմացած է Լիբանանի արաբական ինքնութիւնը շեշտելու իրականութենէն` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութիւնը յստակ է, եւ Լիբանան Արաբական լիկայի ու ՄԱԿ-ի հիմնադիր երկիրներէն է, «Իրականութիւն մը, որ Լիբանանին արժէք կու տայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս հարցերը չէին ծագեր, եթէ երկիրը հանրապետութեան նախագահ ունենար:








All the contents on this site are copyrighted ©.