2016-02-24 11:42:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Կեանքի ընկերը

Կեանքի ընկեր ընտրելու համար տրամադրուած ժամանակին տեւողութիւնը մարդէ մարդ կը տարբերի: Ոմանք սիրահարութեան հետեւանքով նոյնիսկ մէկ վայրկեան իսկ չեն մտածեր այն անձին մասին, որուն հետ պէտք է անցընեն իրենց ամբողջ կեանքը: Ուրիշներ երկա՜ր կը խորհին այդ մասին, հանդիպումներու բազմաթիւ առիթներ կը կազմակերպեն տուեալ անձին հետ, զոր իրենց կեանքի ընկերը կ՛ուզեն դարձնել, որպէսզի լաւապէս իմանան անոր բնաւորութեան իւրայատկութիւնները, ու մտնեն նոյն յարկի տակ: Ոմանք ալ չեն յաջողիր իրենց յարմար թեկնածու մը գտնել եւ ոչ մէկ եզրակացութեան կը հասնին։

Միշտ ըսած ու կրկնած ենք, թէ մարդու հետ ապրիլը շատ դժուարացաւ այս կեանքին մէջ: «Ամէն մարդ իր ինքնութիւնը ունի» երբ կ՛ըսենք, կ՛ակնարկենք այն նախասիրութիւններուն, հաճոյքներուն, սէրերուն եւ նոյնիսկ վախերուն, որոնք տուեալ անձին յատուկ են:

Հաճոյքը, սէրը, վախը եւ այլ երեւոյթներ կրնան ընդհանրական գաղափարներ ըլլալ, ճիշդ է, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ, տարբեր մարդիկ տարբեր մօտեցումներ ունին, եւ այս նախասիրութիւնները խանգարումներու պատճառ կը հանդիսանան: Կեանքի միապաղաղութիւնը ալեկոծելու համար մարդիկ միշտ նորութիւններ կ՛ակնկալեն մարդոցմէ եւ աշխարհէն: Նորութիւնները դժբախտութիւններ կը դառնան, եթէ իբրեւ չար դիպուած հանդիպին մեզի: Սակայն, անոնք բախտաբեր եւ երջանկաբեր կը համարենք, երբ բարի մարդոց միջոցով յայտնուին մեր կեանքին մէջ, ու մանաւանդ հաճոյալի ըլլան:

Այս մտածումը, ինքնադաստիարակութեան առաջնորդող քայլ մըն է ինքնին, որուն արժէքը շատ քիչեր կը յայտնաբերեն փորձառութեամբ: Այն խնամքը, հոգեկան եւ ֆիզիքական, զոր անձիդ պէտք է ընծայես, զայն կը դարձնէ առողջ եւ գիտակից, որուն այս կեանքի մէջ կտրելիք ճամբան կ՛ըլլայ լուսաւոր, հեզասահ եւ արդիւնաւոր:

Երկարակեաց մարդոց հանդիպելով, մեր առաջին եզրակացութիւնը անոր մասին կ՛ըլլայ այն, թէ այդ առողջ ծերունին կամ պառաւը երիտասարդութեան տարիքէն սկսեալ շատ լաւ խնամած է իր անձը: Ուրեմն, ան կը նմանի այն մարդուն, որ ցերեկուան ժամերը կ՛օգտագործէ եւ ապահով տուն մը կը կառուցէ, ուր պիտի մտնէ գիշերը, հանգիստ քնանալու համար: Իսկ այն երիտասարդը կամ երիտասարդուհին, որ իր երիտասարդութեան առողջ տարիները կը փճացնէ վատառողջ կենցաղակերպով, կը նմանի այն յիմար մարդուն, որ ցերեկ ատեն իր իսկ ձեռքերով կը քանդէ այն տունը, ուր պիտի քնանար գիշերը…

Մեր կեանքի լաւագոյն ընկերը մեր անձն է որուն  նկատմամբ պէտք չէ մեր հետաքրքրութիւնը կորսնցնենք. ասիկա կեանքի պարգեւատուին՝ այսինքն ՜՜ Աստուծոյ՝՝հանդէպ  երախտագիտութեան արտայայտութիւն է: Այդ նուիրատուն ինչքա՜ն ուրախ պիտի ըլլայ, երբ Իր տուած «նուէր»ին հետ վարուինք խնամքով, հոգածութեամբ, զգուշաւորութեամբ եւ խանդաղատանքով:

Աստուած ամէն ինչ ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած ստեղծած է: Մե՛նք է, որ կը խախտենք աստուածային համաչափութիւնը այս կեանքի, ու անոր հետեւանքները կը կրենք ակամայ, պատճառ դառնալով զանազան անախորժութիւններու:

Կեանքիդ ընկերը բարի է, համեստ է, խոհեմ է, եթէ դուն բարի ես, համեստ ես, խոհեմ ես եւ այն բոլորն ես, ինչ որ պիտի ուզես որ ըլլար կեանքիդ ընկերը… Եթէ կեանքի ընկերոջդ մէջ կ՛ուզես տեսնել առաւելութիւններ, որոնք հաճոյ են քեզի, եղի՛ր այդ ամէնը եւ պիտի ունենաս այնպիսի կեանքի ընկեր, որ ճի՛շդ սպասած անձդ պիտի ըլլայ: Չենք կարծեր, թէ ասկէ աւելի պարզ ու յստակ բարոյական օրէնք մը կարենանք բանաձեւել ու սահմանել, մեր կեանքը երջանիկ ու աստուածահաճոյ դարձնելու համար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.