2016-02-24 12:19:00

Գերապայծառ Շեւչուք.՝՝Օրթոտոքսներուն հետ հաղորդութեան ուղեւորութիւն կը բաղձանք՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 23 փետրուարին,  Ուքրանիոյ՝ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետ եւ Քիեւի Աւագ Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Սվիաթոսլաւ Շեւչուքը,  Հռոմի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ Օրթտոքս - Կաթողիկէ  եկեղեցիներու  յարաբերութեան,  յայտնեց թէ անոնք կը բաղձան  միասնաբար ընթանալ

  ՝՝Կ՝ուզենք ՝օրթոտոքսներուն հետ  միասնաբար ընթանալ,   ոչ միայն խաղաղութիւն` այլ կը բաղձանք նաեւ եկեղեցիներուն միութիւնը՝՝։

Յոյն Կաթողիկէ արքեպիսկոպոսը ապա անդրադարցաւ  Քուպայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին միջեւ հանդիպումին,  որակելով զայն  դրական ու հաստատելով՝ թէ  այսպիսի հանդիպումներ  եկեղեցւոյ համամիութենական ուղեւորութեան հիմնաքարեր են։ ՝՝Երկու կրօնապետերու միջեւ կայացած հանդիպումով    Սուրբ Հոգին բացաւ  անծանօթ հորիզոններ ՝ մեզ  դուրս հանելով մարդկային սահմաններէն։՝՝ ըսաւ Գերապայծառ Չեւչուք

Ապա անդրադառնալով ՝     Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Կիւրեղ Պատրիարքի  միասնական յայտարարութենէն յառաջացած՝  Ուքրանիոյ հաւատացեալներուն դժգոհութեան  Գերապայծառ Շեւչուք  յայտնեց թէ Ֆրանիչիսկոս Պապ միշտ մօտիկութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին նկատմամբ եւ այս  առնչութեամբ Ան հանդիպած է ըլլայ Ոուսիոյ նախագահ Փութինին, ըլլայ  Ուքրանիոյ նախագահ  Փորոչենքոյի  հետ եւ անոնցմէ  խնդրած է խաղաղութեամբ լուծել Ուքրանիոյ հարցը։ Գերապայծաջ Շեւչուք նաեւ յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յարգէ  Ուքրանիոյ ժողովուրդի  զգացումները եւ քաջատեղեակ է անոնց տառապանքներուն։ Ան ապա աւելցուց թէ հովիւներուն պարտականութիւնն է հասկցնել ժողովուրդին, թէ   Ֆրանչիկոս Պապին քայլերը Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնն է, եւ անոնք պտղաբեր պիտի դառնան։

Գերապայծառ Չեւչուք զրուցեց նաեւ եկեղեցիներու միջեւ  միութեան մասին, հրամայական նկատելով երկխօսութիւնը՝ իրագործուած ճշմարտութեամբ եւ համերաշխութեամբ

՝՝Քրիստոնեաները կրնան երկխօսութեան սկսիլ,  կրնան փոխադարձ ներում շնորհել, դէպի միութեան ուղեւորութիւն կատարել լոկ՝ երբ անոնք կաշկանդուած չեն աշխարհաքաղաքական հարցերուն ու ժամանակաւոր իշխանութիւններուն ինչպէս նաեւ երբ ենթակայ չեն  այս աշխարհի հզօրներու խելագար վարուելակերպին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.