2016-02-23 11:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Քրիստոնէական կեանքը իրապաշտ է'', խօսք չէ այլ գործելակերպ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնէութիւնը իրապաշտ կրօնք մըն է որ կը գործէ բարիք ընելով, ոչ թէ ''խօսքերու կրօն մը'', լի ունայնութեամբ եւ կեղծաւորութեամբ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը հայցեց Աստուծմէ` մեզի սորվեցնէ ''գործելակերպի ճանապարհը''։

Նորին Սրբութիւնը  մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները շեշտը դրաւ Քրիստոնէական կեանքի իսկական ապրումի վրայ։ Տէրը, ըսաւ Ան, մեզի կը սորվեցնէ գործելակերպի ճանապարհը ու հաստատեց թէ  ''Քրիստոնէական կեանքը իրապաշտ է'', ''Աստուած իրապաշտ է'' թէեւ բազմաթիւ են ''կեղծ'' քրիստոնեաները, որոնք Եկեղեցական իրենց պատկանելիութիւնը կ՛օգտագործեն որպէս հեղինակութեան հնարաւորութիւն եւ ոչ թէ որպէս աղքատներու ի սպաս ծառայութեան փորձառութիւն։ Քանի ծնողներ իրենք զիրենք կաթողիկէ կը հռչակեն սակայն ժամանակ չունին իրենց զաւակներուն հոգ տանելու, անոնց հետ ժամանակ անցնելու ու անոնց մտահոգութիւնները ունկնդրելու։ Քանիներ ապա իրենց ծնողները դրած են ''ծերանոցներու'' մէջ ու իրենց բազմազբաղ ըլլալուն համար զանոնք չեն այցելեր։ ''Ես կաթողիկէ եմ, այս ինչ ընկերակցութեան կը պատկանիմ....ասիկա խօսակցութեան կրօն է'' ըսաւ Քահանայապետը եւ խաբէութիւն է։  Եսայի մարգարէն կ՛ըսէ դադրեցէք չարը գործելէ եւ սորվեցէք բարիք ընել։ Օգնեցէք ճնշուածին, արդարութիւն տուէք որբին, եւ պաշտպանեցէք այրի կնոջ դատը։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Տիրոջ ողորմութեան մասին։ Տիրոջ անհուն սէրը որ պատրաստ է հանդիպելու բոլոր անոնց որոնք ճշմարտութեան մասին կը վիճին Անոր հետ։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ գործել եւ իրականացնել Աստուծոյ կամքը։ Դատաստանի օրը արդարեւ Տէրը մեզի հարց պիտի չի տայ թէ ի՞նչ ըսինք իրեն մասին։ Ո՛չ. Ան հարց պիտի տայ ի՞նչ ըրինք։ Ինչպէ՞ս վարուեցանք անօթիին, ծարաւին, բանտարկեալին եւ օտարականին հետ։ 

Թող Տէրը մեզի պարգեւէ այս իմաստութիւնը, լաւապէս հասկնալու տարբերութիւնը ընդմէջ խօսքին ու գործին ու մեզի սորվեցնէ գործելակերպի ճանապարհը, որովհետեւ խօսքի ճանապարհը մեզ կ՛առաջնորդէ այնտեղ ուր օրէնքի վարդապետները կը գտնուին, այն  հոգեւորականները որոնք իրենք զիրենք մեծութիւն մը կը նկատեն թէեւ այս մէկը Աւետարանի իրականութիւնը չէ։  Թող Տէրը մեզի սորվեցնէ գործելակերպի ճանապարհը, կրկնեց Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.