2016-02-23 11:52:00

Կաթողիկէ հաւատացեալները պիտի կարենան այցելել օրթոտոքս սրբավայրերը


(Ռատիօ Վատիկան) Ռուսիոյ Պատրիարքութեան Մետրոպոլիտ Հիլարիոն յայտարարեց, թէ մօտ ատենէն կաթողիկէ հաւատացեալները պիտի կարենան ուխտագնացութիւն կատարել օրթոտոքս եկեղեցիներուն եւ սրբավայրերուն մէջ։

՝՝Մինչեւ  2016  աւարտին, Օրթոտոքս եկեղեցիներու սրբավայրերու դռները  պիտի բացուին Կաթողիկէ հաւատացեալներուն դիմաց ՝ ուխտագնացութիւն կատարելու համար։

Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքին յարաբերութիններուն բաժանմունքի նախագահ՝ Մետրոպոլիտ Հիլարոն, Ինթերֆաքս- լրատու գործակալութեան կրօնական բաժանմունքին հետ ունեցած հարցազրոյցին  ընթացքին։

Մեթրոպոլիթ Հիլարիոն օրինակ թուելով Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Նիքոլայի սրբավայրը յաճախող եւ սուրբին  մասունքներուն յարգանքի տուրք մատուցանելու դիտաւորութեամբ Օրթոտոքս հաւատացեալներուն կողմէ  կազմակերպուած  ուխտագնացութիւները, յոյս յայտնած է , որ  նման փոխադարձ ուխտագնացութիւնները բազմապատկուին  , որպէս նշան Կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ  եղբայրական կապերուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.