2016-02-23 10:26:00

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արտօնուած է աւելի յաճախ պատարագներ իրականացնել


Թուրքիոյ կառավարութեան` ազգային փոքրամասնութիւններուն վերաբերող որոշման համաձայն, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կարելի է մատուցել ոչ միայն տարին մէկ անգամ, այլ աւելի յաճախ` երբ անհրաժեշտ ըլլայ: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը այս առնչութեամբ ըսած է, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ առայժմ կրնան տարին միայն մէկ անգամ պատարագ մատուցել, որովհետեւ մասնակցողները քիչ են եւ տարին մէկ անգամ կրնան այնտեղ երթալ:

Ըստ պատրիարքական փոխանորդին՝ նախորդ տարիներուն արարողութեան կը մասնակցէր աւելի քան հազար հաւատացեալ, բայց այդ թիւը աստիճանաբար կը պակսի: Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան ըսած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումը իրենց համար պարտադիր չէ, բայց եթէ արտերկրէն խումբեր գան եւ պատարագ մատուցելու համար դիմեն պատրիարքարանին, իրենք կրնան օգտուիլ այդ իրաւունքէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.