2016-02-22 11:29:00

Մահացած է աշխարհահռչակ գրող Ումպերթօ Էքօ


84 տարեկանին, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ մահացած է իտալացի աշխարհահռչակ գրող, բանասէր, գրականագէտ եւ փիլիսոփայ, միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Ումպերթօ Էքոն:

Ան հեղինակած է «Վարդի անունը», «Ֆուքոյի ճոճանիւը», «Կղզին նախօրէին» վէպերը: Նաեւ բանասիրութեան, գեղագիտութեան, արուեստի եւ  փիլիսոփայութեան պատմութեան նիւթերով բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.