2016-02-22 13:01:00

Հռոմի Քուրիայի եւ Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններու Ողորմութեան Յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 22 փետրուար` տօն Սուրբ Պետրոսի Աթոռին։ Այս առթիւ Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը հրաւիրեց Վատիկանի ու Ս. Աթոռի բոլոր պաշտօնէութիւնը,  կղերական թէ աշխարհական, ու անոնց ընտանեկան պարագաները  մասնակցելու  Հռոմի Քուրիայի եւ Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններու Ողորմութեան տարւոյն Յոբելեանի արարողութեան, որուն յատուկ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան 8.30-ին` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ կատարուած ժամասացութեան արարողութեամբ, որմէ ետք Հայր Մարքօ Ռուփնիք ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը որուն մէջ շեշտը դրաւ մեր Հաւատքի եւ ողորմութեան նշանակութեան վրայ։ Մեր հաւատքը, ըսաւ Ան, կեանքի ընկալում է ու Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է բացայայտել թէ ինչ շնորհքի ու բարիքի արժանացած ենք'' ապա մատնանշեց, որպէս Վատիկանեան կառոյցներու աշխատաւորներ, նուիրական հոգիով գործելու եւ նուիրումը առօրեային մէջ վկայելու պարտականութեան։

Նշենք թէ ֆրանչիսկոս Պապը անձամբ մասնակցեցաւ սոյն Յոբելենական տօնակատարութեան ի շառս  Հռոմի Քուրիայի – Վատիկանի վերին իշխանութեան –  անդամներուն ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի կառոյցներու մէջ գործող կղերական ու աշխարհական անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

Խորհրդածութեան աւարտին բոլոր ներկաները, գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին, թափօրով ուղղուեցան Սուրբ Պետրոսի տաճար՝ անցնելով Ողորմութեան Սուրբ Դուռէն ուր ապա` ժամը 10,30-ին Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Յոբելենական Համապատարագը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը յաւուր պատշաճի խօսքը արտասանեց ըսելով ''Ս. Պետրոսի Գահի տօնին առթիւ Վատիկանի ու Ս. Աթոռի պաշտօնէութիւնս միատեղ խմբուած ենք տօնախմբելու Ողորմութեան Յոբելեանը։ Անցանք Ողորմութեան ս. Դուռէն ու հասանք ս. Պետրոսի գերեզմանը հռչակելու մեր Հաւատոյ դաւանանքը։

Այս պահուս, մեր Տէրը Յիսուս իւրաքանչիւրիս կ`ուղղէ իր հարցումը. ''դուք, ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ''։ Բացայայտ ու յստակ հարցում մը, որուն առջեւ կարելի չէ խոյս տալ, հարցաքննութիւն մը չէ, ընդհակառակը այդ հարցումը սիրով լի է։ Մեր միակ Տիրոջ սէրը, որ այսօր մեզ կը կանչէ վերանորոգելու մեր հաւատքը, ու զինք ճանչնալու որպէս Աստուծոյ Որդի` Տէրը մեր կեանքին։ ''Պետրոսի յաջորդը առաջինն է որ կանչուած է վերանորոգելու իր հաւատքը ու իր եղբայրները հաստատելու այդ հաւատքին մէջ'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց թոյլ տալ որ շնորհքը ամրապնդէ մեր սիրտը հաւատքին մէջ ու շրթունքներով խոստովանինք փրկութիւնը։

Հետեւաբար, ըսաւ Քահանայապետը, իւրացնենք Պետրոսի խօսքերը ''Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին''։ Մեր միտքն ու ակնարկը սեւեռենք Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Ան է ''Վէմը'', որու վրայ պէտք ենք կառուցանել։ Ս. Օգոստինոս արդարեւ կը նշէ թէ Եկեղեցին թէեւ ցնցուած ու տարուբերուած է պատմութեան  իրողութիւններուն դիմաց սակայն ''չի փլուզուիր որովհետեւ հիմնադրուած է վէմի վրայ, որմէ Պետրոս առած է իր անունը....այնպէս ինչպէս Քրիստոնեայ անունը կու գայ Քրիստոսէն։ Այդ Ժայռը արդարեւ Քրիստոսն է, որուն հիման վրայ Պետրոս եւս կառուցուեցաւ''։

Այս հաւատքի դաւանանքէն, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, մեզմէ ամէն մէկուն կ՛իյնայ համապատասխանել Աստուծոյ կոչին։ Ամենէն առաջ Հովիւներէն կը խնդրուի որպէս տիպար ունենալ նոյնինքն Աստուած­, որ հոգ կը տանի իր հօտին։ Ան կ՛երթայ կորսուած ոչխարը փնտռելու ու զայն առաջնորդելու դէպի փարախ, ու դարմանելու վէրքերը։ Անհուն սիրոյ արտայայտութեան վերաբերմունք մը. Հաւատարիմ, հետեւողական եւ անսահմանափակ նուիրում մը, որպէսզի բոլոր տկարներուն հասանելի ըլլայ Անոր ողորմութիւնը։ Ասոր համար` մենք որ կանչուած ենք ըլլալու Եկեղեցւոյ Հովիւներ, թոյլ տալու ենք որ Բարի Հովիւի դիմագիծը մեզ լուսաւորէ, բիւրեղացնէ ու մեզ կերպարանափոխէ ու մեզ դարձնէ նորոգուած մեր առաքելութեան համար­­­, այնպէս որ մեր աշխատանքի վայրերու մէջ եւս կարենանք ապրիլ հովուական զօրեղ զգացում մը, յատկապէս մեր առօրեային մէջ հանդիպած անձերու նկատմամբ։

Մենք կանչուած ենք ըլլալու Աստուծոյ համագործակիցները, մեր էութեամբ վկայելով շնորհքի զօրութիւնը որ կը կերպարանափոխէ, ու հոգւոյն ուժականութիւնը որ կը նորոգէ։

Մենք ըլլալու ենք հաւատարիմ եւ ողորմած ըսաւ ապա Քահանայապետը իր քարոզի աւարտին­, հաստատելով թէ այս երկուքը իրարու զօդուած են։ Մեզմէ կը խնդրուի ըլլալ հաւատարիմ ու գործել ըստ Քրիստոսի սրտին ու անոր ոչխարները առածել ''վեհանձն հոգիով'' ու դառնալ բոլորին համար տիպար։ Այսպէսով երբ  մեծագոյն հովուապետը կը յայտնուի պիտի կարենանք ընդունիլ անոր անթառամ Փառքի պսակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.