2016-02-22 11:24:00

Հոմսի եւ Սայիտա Զէյնապի մէջ ականահարումներու շարքը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր


Հոմսի եւ Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Սայիտա Զէյնապ շրջանին մէջ պայթումներու շարքի մը պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր:

Հոմսի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումները պատճառեցին շուրջ 57 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Երկու ականուած ինքնաշարժներ պայթեցան Զահրա թաղամասի Սթին փողոցին մէջ` ուսանողներ համալսարան փոխադրող փոխադրակառքերու կառատան մը մէջ:

Շուրջ մէկ ամիս առաջ նոյն կառատան մէջ դարձեալ ականահարում մը տեղի ունեցած էր:

Դամասկոսի Սայիտա Զէյնապ շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումը պատճառեց աւելի քան 90 զոհ եւ 187 վիրաւորներ:

Ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.