2016-02-21 13:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''մահապատիժի ջնջումի'' ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Փետրուար 2016-ի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւացեալներուն ողջոյնի խօսքը ուղղելով Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ Հռոմի մէջ, Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ''Առանց մահապատիժի աշխարհի մը ի սպաս'' վերտառութեամբ միջազգային համագումար մը։

''Կը մաղթեմ որ այս հաւաքը նոր սլացք տայ մահապատիժի ջնջումի յանձնառումին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը բացայայտելով թէ յոյսի նշան մը կը ներկայացնէ հասարակաց կարծիքի հակառակութիւնը ''մահապատիժի'' կիրարկումին, ու մատնանշելով արդի ընկերութեան կարելիութիւններուն թոյլ տալու որ յանցագործը կարենայ զղջալ իր գործած մեղքին համար առանց անոր կեանքը խլելու։  Եւ այս մէկը պէտք է ներփակուի քրէական արդարութեան շրջագիծէն ներս որ պէտք է միշտ աւելիով համակերպ ըլլայ մարդու արժանապատուութեան եւ Աստուած` մարդու եւ ընկերութեան նկատմամբ ունեցած ծրագրին։ ''Մի սպաներ'' պատուիրանը բացարձակ արժէք ունի ըլլայ յանցաւորին ըլլայ անմեղին համար ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ Ողորմութեան Յոբելենական տարին պատեհ առիթ է աշխարհի մէջ տարածելու կեանքի յարգանքի ու մարդու արժանապատուութեան հասուն ձեւեր, ապա կոչ ուղղեց կառավարիչներուն որպէսզի հասնին միջազգային համաձայնութեան որ ջնջէ մահապատիժի պատժատեսակը, ու կաթողիկէ կառավարիչներուն յորդորեց քաջ եւ օրինակելի քայլ մը ընելու եւ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ընթացքին ոչ մէկ մահապատիժի դատապարտում կիրակուի։

Բոլոր քրիստոնեաները ու բարի կամք ունեցող մարդիկը կանչուած են գործելու ոչ միայն մահապատիժի ջնջումի ի սպաս այլեւ բարելաւելու բանտերու պայմանները, յարգելով մարդու արժանապատուութիւնը ու ազատութենէ զուրկ անձերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.