2016-02-21 13:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նուիրեց ''Misericordina՝՝ հոգեւոր դեղահատերու'' փոքրիկ տուփիկ մը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 21 փետրուարին,  լատինաց ծէսի համաձայն՝ երկրորդ կիրակի Քառասնորդաց, Մարեմեան աղօթքի  աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն նուիրեց ''Misericordina - հոգեւոր դեղահատերու'' փոքրիկ տուփիկ մը:

՝՝Քառասնորդաց շրջանը բարեպատեհ առիթ մըն է դարձի ուղեւորութիւն մը կատարելու ՝ որ ունի որպէս  կեդրոն  Ողորմածութիւնը։ Ուստի՝ այսօր , մտածեցի՝ հրապարակի վրայ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն նուիրել ՝՝Ողորմածութիւն'' կոչուած հոգեւոր դեղ  մը։

Դեղի տուփի մէջ կը գտնէք  վարդարան մը ու Ողորմած Յիսուսի պատկերը։ Սոյն պարգեւը ընդունեցէք որպէս հոգեւոր օժանդակութիւն, յատկապէս Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ժամանակաշրջանին,   սփռելու  համար Սէր, եղբայրսիրութիւն եւ  ներողամտութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկպս Պապ ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ աղօթեն իրենց համար։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ նման ձեռնարկ մը կատարած է 2013-ին նոյեմբեր ամսոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.