2016-02-21 09:54:00

Հռոմի Քուրիան եւ Սուրբ Աթոռի հաստատութիւնները կը նշեն Ողորմութեան Սուրբ Տարին


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 22 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի Աթոռի տօնին օրուան առիթով, Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, Հռոմի Քուրիան Եւ Սուրբ Աթոռի հաստատութիւնները յատուկ յայտագիրով մը կը նշեն Ողորմութեան Սուրբ տարուայ յոբելեանը։

Այս առթիւ, Քուրիայի եւ Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններուն անդամները, առաւօտեան ժամը 8.30-ին՝ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, կը մասնակցին ժամասացութեան արարողութեան, որմէ ետք նախատեսուած է Հայր Մարքօ Ռուփնիքի ներկայացուցած օրուան խորհրդածութիւնը որուն աւարտին բոլոր ներկաները թափօրով կ՝ուղղուին  Սուրբ Պետրոսի տաճար՝ անցնելով Յոբելինական  Սուրբ դուռէն։ Ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ անոնք կը մասնակցին  Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ մատուցուած  Սուրբ Պատարագի զոհին։

Վերոնշեալ Յոբելինական օրը կը մղէ մասնակիցները այդ պահը նկատելու յատուկօրէն իմաստալից` անոնց առօրեայ յանձնառումի բերումով ի սպաս Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ու տիեզերական եկեղեցւոյ ծառայութեան''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.