2016-02-19 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ընկերացող լրագրողները մեծարեցին Տիար Ալպերթօ Կազպառին


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 18 փետրուարին, Մեքսիքոյէն դէպի Վատիկան թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին լրագրողներուն հետ կայացած Մամլոյ Ասուիսի աւարտին­ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն  Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին,     հրաւիրեց Քահանայապետական օդանաւի մէջ գտնուող լրագրողները իրենց սրտի խօսքը ուղղելու Քահանայապետի  ճամբորդութիւնները կազմակերպող Պր Ալպերթօ Կազպառիին՝   անոր Սուրբ Աթոռի մէջ  մատուցած  37 տարիներու   անխոնջ ծառայութեան համար,  յայտարարելով թէ Մեքսիքոյի ճամբորդութիւնը Պր  Ալպերթօ Կազպարրիի կազմակերպած Քահանայապետական վերջին ճամբորդութիւնն է, որովհետեւ այլեւս դօշակի կանչուած է։

Նկարագրելով Պր Ալպերթոյի Քահանայապետներու մատուցած ծառայութիւնները, լրագրողները  Պր Կազպառին որակեցին  ՝՝երկինքներու տէր՝՝   եւ՝՝ այլ  ՝՝ժամանակներու մեծայարգոյ մարդ՝՝  ոչ միայն իր կոկիկ  հագուստներուն համար այլ նաեւ գեղեցիկ ու համեստ նկարագիրին համար։

Լրագրողները Պր Ալպերթոն պատկերացուցին   որպէս՝  մեծ դերձակ մը , որ երեք  տարբեր քահանայապետերուն կարել տուած է երեք  տարբեր չափերով ճամբորդութիւններ։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս քահանայապետի օրով , Պր Ալպերթոն նկատուած էր որպէս զաւակ մը՝  ոչ միայն Քահանայապետին  ճամմբորդութինները պատրաստելու համար այլ Պապին նկատմամբ ունեցած մօտիկութեան,  համար։

Պր Կազպառին հուսկ 8 տարի ծառայած է Պենետիկոս Զ վաստակաւոր քահանայապետին ապա  Ֆրանչիսկոս Պապին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.