2016-02-19 09:24:00

Օպամա 21-22 Մարտին պիտի այցելէ Քուպա


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ 21 եւ 22 մարտին պիտի այցելէ Քուպա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրոյի հետ:

Օպամա նշեց, որ այցելութիւնը պիտի ծառայէ «ամրապնդելու մեր յառաջընթացն ու ջանքերը, որոնք պիտի բարելաւեն քուպացի ժողովուրդին կեանքը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ, հակառակ Քուպայի հետ իրենց շարունակուող տարակարծութիւններուն, «անոր հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցով կարեւոր յառաջդիմութիւն արձանագրեցին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.