2016-02-19 10:04:00

Քառասնորդաց Պահքի շրջանի քարոզները Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 19 փետրուարին առաւօտեան՝ ժամը 9.00ին, Վատիկանի Ռետեմթորիս Մաթեր անուան մատրան մէջ Քահանայապետական տան քարոզիչ Հայր Ռանիրեօ Քանթալամեսսա, սկիզբ տուաւ Քառասնորդաց պահքի շրջանի քարոզներուն, որուն այս տարուան նիւթն է ՝՝Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը 50 տարի ետք, հոգեւոր տեսանկիւնէն վերատեսում՝՝։

Հայր Քանթալամեսսան յայտնեց, թէ այս նիւթը ընտրած է որովհետեւ ՝՝Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50 ամեակը՝ ներշնչում հանդիսացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յայտարարելու համար ողորմութեան յոբելինական տարին։

Քառասնորդաց շրջանի խորհրդածութիւններու ընթացքին պիտի շօշափուին  նաեւ այժմէականութեան հայող նիւթեր, ինչպէս՝ Քուպայի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Քիրիլ Պատրիարքի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը, որ կարելի է նկատել ՝՝համամիութեան՝՝ վաւերագիրի պտուղներէն մին։ Այ՝լ շօշափուած նիւթերէն մին է նաեւ 2017-ի Բողոքական բարենորոգումի 500-րդ տարեդարձը ու քրիստոնեաներու միութեան հարցը։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ խորհրդածական նիստերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ եւ Հռոմի Քուրիայի անդամները։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.