2016-02-19 09:39:00

ԱՄՆի եպիսկոպոսները Պապին հետ. Հաւատքը աւելի զօրեղ է պատնէշներէն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխարհը յաճախ բաժնուած է մշակոյթի տնտեսական պայմաններու քաղաքականութեան ու պատնէշներու հետեւանքով, սակայն Պապին պատգամը այն է որ մեր հաւատքը, աղօթքն ու սէրը Յիսուսի հանդէպ, աւելի մեծ են քան այն ինչ որ մեզ կը բաժնէ'' յայտարարած է ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Joseph Edward Kurtz արտայայտուելով ֆրանչիսկոս Պապի կատարած այցելութեան Մեքսիքոյի Ciudad Juárez քաղաքին որ կը գտնուի Մեքսիքոյի ու ԱՄՆի սահմանը։ Այս վայրը ողբերգական քառաթեւ մը եղած է ամերիկեան ցամաքամասի գաղթականութեան մեծ հոսանքին։ Գերապայծառ Kurtz հարիւրաւոր ամերիկացիներու հետ միասին կը գտնուէր սահմանի ԱՄՆի հողամասին վրայ,. Սրբազան Հօր հետ միասին աղօթելու որպէս մէկ եկեղեցի։ Գերապայծառը ըսաւ որ Պապը մեզմէ կը խնդրէ որ հիւսիսի ու հարաւի մեր եղբայրներն ու քոյրերը դէպի Քրիստոս ընթացող ուխտաւորներ ըլլան։ Խորապէս ապրեցանք այս միութիւնը ու զօրակցութեան իմաստը երբ Պապը սահմանին մօտ աղօթեց բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ։

ԱՄՆի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին համար ամէն  մէկ տեղական եկեղեցի կը ներփակէ թանկարժէք մշակութային ժառանգութիւն մը որ ֆրանչիսկոս Պապին համար հարստութիւն մըն է եւ որ կ՛արժէ բաժնեկցիլ։ Այս իմաստով Սրբազան Հօր այցելութիւնը բարեպատեհ առիթ մը հանդիսացաւ մեզի յիշեցնելու որ Ամերիկայի մէջ ամէնքս կը պատկանինք մէկ եկեղեցւոյ։ Մեր հաւատքը մեզ կը միացնէ Քրիստոսի միակ մարմնին մէջ, Կուատփլուփէ Տիրամօր հովանիին ներքեւ։

Նշենք որ ԱՄՆէն երկու եպիսկոպոսներ որպէս ԱՄՆի եկեղեցւոյ պատուիրակներ մասնակցեցան ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքոյ կատարած այցելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.