2016-02-18 11:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լռելեան աղօթքը Մեքսիքօ - ԱՄՆ սահմանագիծին վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չուտատ Խուարես քաղաքին մէջ մատուցած եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի արարողութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  Չուտատ Խուարեսի տօնավաճառի կեդրոնի տարածքին Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի սահմանին կից գտնուող` գաղթականներու յիշատակին զետեղուած Փայտէ Խաչի ոտքին պահ մը կանգ առաւ ու լռելեան աղօթեց բոլոր գաղթականներուն համար որոնք սահմանը անցնելու ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին, ինչպէս նաեւ այն գաղթականներուն համար որոնք բանտերու մէջ կը գտնուին։ Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց զանոնք ու զոհերու յիշատակին զետեղեց ծաղկեփունջ մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.