2016-02-18 00:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ սուրբ պատարագը Չուտատ Խուարեսի տօնավաճառի համալիրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 17 Փետրուարին, Չուտատ Խուարեսի տօնավաճառի տարածքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատուցեց առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 250 հազար հաւատացեալներ։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Աստուծոյ փառքի ու Անոր անհուն ողորմութեան մասին։

Աստուծոյ փառքը, ըսաւ Ան, մարդու կեանքն է. այսպէս կ՛ըսէր սուրբ Իրենէոսը` Բ. դարուն։ Եկեղեցին դարերու հոլովոյթին կը շարունակէ արձագանգ հանդիսանալ այդ արտայայտութեան։ Աստուծոյ փառքը իր զաւակներու կեանքն է։ Չկայ աւելի մեծ փառք մը, հօր մը համար, քան տեսնել իրականացումը իր զաւակներուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց  առաջին ընթերցումին որ կը խօսի Նինուէ քաղաքի ինքնակործանումի մասին, պտուղը հարստահարումի, բռնութեան ու անարդարութեան։ Տէրը իր միջամտութիւնը կը բերէ շարժելով մարդոց սիրտը։ Տէրը կը կանչէ Յովնանը ու անոր պաշտօն կու տայ ըսելով. «Ելի՛ր, գնա՛ Նինուէ մեծ քաղաքը եւ այնտեղ քարոզէ եւ ըսէ. «Եւս երեք օր, եւ Նինուէն պիտի կործանուի» Նինուէացի մարդիկ հաւատացին Աստուծոյ պատգամին, պահեցողութիւն յայտարարեցին եւ մեծէն մինչեւ փոքրը քուրձ հագան։ Եւ Աստուած տեսաւ անոնց գործերը, որովհետեւ ''գթասիրտ է ու ողորմած, համբերող է ու բազումողորմ եւ կը զղջայ չարիքներու համար''։ Այս գրութեան մէջ կը գտնուինք Աստուածային Ողորմութեան խորհուրդին առջեւ յարեց Ֆարնչիսկոս Պապ։ Ողորմութիւնը կը հեռացնէ չարութիւնը­, Ողորմութիւնը միշտ կոչ կ՛ընէ բարութեան Ողորմութեամբ փոփոխութիւնը միշտ կարելի է։ Աստուածային ողորմութիւնը մեր վահանն է ու մեր զօրութիւնն է։

Ողորմութիւնը այսօր ուժգնութեամբ կ՛արձագանգէ, ձայնն է անոր որ կ՛աղաղակէ անապատին մէջ ու կը հրաւիրէ մեզ դարձի։ Ողորմութեան այս տարւոյն ընթացքին կ՛ուզեմ ձեզի հետ բարձրաձայն հայցել Աստուածային ողորմութիւնը, կ՛ուզեմ ձեզի հետ հայցել լացի շնորհքը։ Արցունքը կարող է կակղեցնել սիրտը, բիւրեղացնել ու զգայուն դարձնել հայեացքը­,  տեսնելու համար ճշմարտութիւնը  ու մեղքէն հեռանալու։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն անդրադարձաւ բիւրաւոր գաղթականներու մասին որոնք յաճախ ստրկութեան, արեւանգումի եւ շահագործումի ենթարկուած են ու խօսեցաւ մարդկայնական տագնապի եւ աղէտի մասին որ կը յառաջանայ բռնի գաղթականութեան երեւոյթէն որ դարձած է համաշխարհային։ Այս մէկը կարելի է չափել թիւերով սակայն ան ունի նաեւ անուն, պատմութիւն ընտանիքները ու բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք աղքատութեան դիմաց ու օրէնսդրութեան պակասի բերումով, հարստահարուած ու հալածուած են, երբ կ՛ուզեն հեռանալ բռնութենէն։ Եւ ինչ ըսել բոլոր այն կիներու մասին որոնց կեանքը խլուեցաւ անարդարօրէն ըսաւ Սրբազան Հայրը հայցելով Աստուծմէ սրտերու ապաշխարութիւն ու դարձ եւ արցունքներու շնորհքը։

''Այլեւս ոչ երբեք բռնութիւն ու շահագործում'' կոչ ուղղեց ապա Քահանայապետը ընդգծելով թէ միշտ կարելիութիւնը կայ բարեփոխելու ընթացքը, միշտ կարելիութիւն կայ հայցելու Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր մարդասիրական կազմակերպութիւններուն որոնք կը գործեն ի սպաս գաղթականներու իրաւունքին ու իրենց կեանքը կը վտանգեն անոնց համար, ''Ողորմութեան մարգարէներ'' որակելով զանոնք։

Տիրոջմէն հայցենք զղջումի շնորհքը։ Միշտ ժամանակ ունինք բարեփոխուելու, հեռանալու մեղքէն ու հայցելու Աստուածային Ողորմութիւնը։ Դարձի ժամանակ է, փրկութեան ժամանակ է, ողորմութեան ժամանակ է - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց  սաղմոսերգուին հետ միասին  միասնաբար ըսել ''Ողորմէ ինձ, Աստուա՛ծ, քու մեծ ողորմութեամբ եւ քու գթառատութեամբ ջնջէ՛ իմ յանցանքները։ Առաւել եւս լուա՛ ինձ իմ անօրէնութենէն եւ իմ մեղքերէն մաքրէ՛ ինձ։(Սաղմ  50`51 1-4)։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց նաեւ ''այն սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն'' որոնք սահմանի միւս կողմէն կը մասնակցին արարողութեան, եւ որ իրենց մասնակցութեամբ մեզ կը դարձնեն մէկ ընտանիք` անդամ միեւնոյն քրիստոնեայ հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.