2016-02-18 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Մեքսիքոյի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքօ կատարած միջազգային առաքելական այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ , Մեքսիքոյի Չուտատ Խուարես միջազագին օդակայանէն  դէպի Վատիկան թռիչքի  ընթացքին աւանդութեան համաձայն հեռագիր ուղղեց Մեքսիքոյի նախագահ Տիար Էնրիք Փենա Միեթոյին, որուն մէջ յայտնեց իր խորին շնորհակալութիւնը նախագահին ու Մեքսիքոյի ժողովուրդին՝ Իրեն հանդէպ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը  Մեքսիքոյի  նախագահին ապահովեցուց իր աղօթքը՝ երկրին խաղաղութեան ու անոր միութեան համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.