2016-02-17 11:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին։ Արդարեւ Չորեքշաբթի 17 փետրուարը կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական 12րդ միջազգային ճամբորդութեան վերջին օրը որուն ընթացքին Ան կ՛այցելէ առաքելական ճամբորդութեան հինգերորդ ու վերջին վայրը` Չիուաուայի նահանգի մէջ գտնուող` '' Չուտատ Խուարես'' քաղաքը որ կը գտնուի  Մեքսիքոյի եւ Միացեալ նահանգներու սահմանին վրայ եւ որ բազմաթիւ գաղթականներու համար կը ներկայացնէ ապագայի յոյսի ճանապարհ։

Սրբազան Հայրը առաւօտեան 7,30-ին (Հռոմի ժամով 14,30-ին) հրաժեշտ առնելէ ետք Մեքսիքոյի պապական նուիրակութենէն կ՛ուղղուի Մեխիքոյի Պենիթօ Խուարես միջազգային օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի Չուտատ Խուարեսի ''Ապրահամ Կոնզալէս'' օդակայան ուր կը ժամանէ երկու ժամ 25 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք եւ ուր զինք կը դիմաւորեն Չուտատ Խուարէս թեմին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Խոսէ Կուատալուիթ Թորրէս Քամփոսը ու անոր ընկերացող տեղական իշխանութիւններու պատկան պատուիրակութիւն մը։

Չուտատ Խուարեսի մէջ Սրբազան Քահանայապետին առաջին այցելած վայրը կը հանդիսանայ ''Cereso Estatal n 3'' անուամբ բանտը ու այնտեղ արգելափակուած բանտարկեալները։

Բանտ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը մուտքին կը դիմաւորուի մի քանի բանտարկեալներու ընտանիքներու անդամներէ եւ բանտին Տնօրէնի կողմէ ապա ''ելեկտրական'' ինքնաշարժով կ՛ուղղուի դէպի բանտին Մատուրը ուր հանդիպում կ՛ունենայ եւ կ՛ողջունէ բանտին աշխատակազմը, պահ մը աղօթք կատարելով անոնց հետ։ Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ուղղուի այս առթիւ պատրաստուած ամպիոն ուր ներկայ են 700 բանտարկեալներ։ Բանտի մատրանապետ Եպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքէն եւ բանտարկեալի մը տուած վկայութենէն ու Ֆրանչիսկոս Պապին բանտարկեալներու կողմէ պատրաստուած նուէրի մը յանձնումէն ետք Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէ բանտարկեալներուն։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Չիուաուայի ''Քոլեյօ Տէ Պաքիլլերէս'' վարժարան ուր տեղական ժամով 12-ին (Հռոմի ժամով 20-ին) նախատեսուած է հանդիպումը Մեքսիքոյի գործարարական եւ աշխատանքի աշխարհի 3 հազար ներկայացուցիչներուն հետ։ Այնտեղ եւս օրակարգը կը նախատեսէ աշխատանքի հովուական խնամակալութեան պատասխանատու եպիսկոպոսին ողջոյնի խօսքը, երկու աշխատաւորներու վկայութիւնը, Քահանայապետի նուէրներու յանձնում ու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը։

Աշխատանքային աշխարհին հետ հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Թեմական Նորընծայարան ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ 100 նորընծաներու հետ եւ կը մասնակցի իրեն ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։

Տեղական ժամով 15,15-ին (Հռոմի ժամով 23,15) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Մեքսիքոյի ուխտագնացութեան վերջին վայրը հանդիսացող`  ''տօնավաճառի կեդրոն'' ու կեդրոնի տարածքին վրայ կը մատուցէ առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն նախատեսուած է 250 հազարէ աւելի հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Յայտնենք որ վայրը կը գտնուի ՄԱՆ-ի սահմանին վրայ եւ պատարագի խորանը կառուցուած է սահմանագիծէն 80-90 մեթր անդին։ Տօնավաճառքի կեդրոն ժամանումին Սրբազան Քահանայապետը պահ մը կանգ պիտի առնէ սահմանագիծին վրայ ու կ՛ ողջունէ սահմանի` ամերիկեան հողի վրայ  գտնուող մի քանի հաւատացեալներ։

Տօնավաճառքի կեդրոնի տարածքին մատուցուած սուրբ պատարագը կը հանդիսանայ Ֆրանչիկսոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան վերջին հրապարակային գործունէութիւնը որուն աւարտին Սրբազան Հայրը` բացօթեայ ինքնաշարժով կ՛ուղղուի Չուտատ Խուարեսի օդակայան եւ օդակայանի մէջ ի ներկայութեան Մեքսիքոյի նախագահին կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին, կը բարձրանայ ''Aeromexico'' ընկերութեան կողմէ Քահանայապետին տրամադրուած օդանաւ ու տեղական ժամով 19,15-ին (Հռոմի ժամով 03,15) թռիչք կ՛առնէ վերադարձ կատարելու Հռոմ ապա Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է  12 ժամ ճանապարհորդութենէ ետք, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի օդանաւը կը սաւառնի Մեքսիքոյի, ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ օդային տարածքի վրայէն։

Ֆրանչիսկոս Պապին  հռոմ ժամանումը նախատեսուած է 18 փետրուար 2016-ի տեղական ժամով 15,15-ին, որով վերջ կը գտնէ Նորին Սրբութեան Քահանայապետութեան 12-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը եւ  Իտալիոյ սահմաններէն դուրս, ժամանակակից շրջանի, Քահանայապետական 149 ճամբորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.