2016-02-17 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզներէն քաղուած 16 փետրուարի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 16 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքին վրայ լոյս տեսան Նորին Սրբութեան Մեքսիքոյի մէջ կատարած այցելութիւններուն ընթացքին արտասանած քարոզներէն եւ ճարերէն քաղուած զանազան թուիթներ։

1- Յիսուս երբեք մեզ չի հրաւիրեր  վարձկաններ ըլլալու, այլ մեզ առաքեալներ  կը կոչէ։ Ան՝ մեզ երբեք  չի առաքեր  մեռնելու համար, այլ՝ ամէն բան Իրեն մէջ կեանքի հրաւէր մըն է։

2- Ինծմէ խնդրեցիք յոյսի բառ մը։ Այն ինչ որ՝  ձեզի տալիք  ունիմ, կը կոչուի Յիսուս Քրիստոս

3- Յիուսին մէջ  հանդիպեցայ անոր՝ որ կարող է վառել իմ անձիս լաւագոյնը 

4- Մեր առաջնահերթ կոչումն է սորվիլ ըսել ''Հայր Մեր'' , Հայր մեր, մի թողուր որ իյնանք յուսահատութեան փորձութեան մէջ։

5-Կարելի է սորվիլ աղօթել,  ինչպէս կը սորվինք քալել, խօսիլ եւ անսալ։  Ինծի ըսէ  ինչպէս կ՝աղօթես, եւ պիտի ըսեմ քեզի թէ ինչպէս կ՝ապրիս։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.