2016-02-17 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Մեքսիքոյի հարցերը կը դիմագրաւէ որպէս Հովիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան` 16 Փետրուարի հովուական այցելութիւններու աւարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումներու մասին հաստատեց թէ ''Նորին Սրբութեան հանդիպումը Մեքսիքացի ժողովուրդին հետ ջերմ հանդիպում է ոչ միայն մեծ ձեռնարկներու մասնակցողներուն հետ այլեւ ճանապարհներու վրայ եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ներքոյ­, որոնք մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին Սրբազան Քահանայապետին գործունէութեան։

Նորին Սրբութեան կարգախօսը ''ողորմութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւոր'' կը համապատասխանէ անոր կատարած առաքելութեան, հոգեւոր ու հովուական գետնի վրայ դիմագրաւելով Մեքսիքոյի այսօրուայ մարտահրաւէրները  որոնց մասին Նորին Սրբութիւն  յաճախ կ՛ակնարկէ ինչպէս` գաղթականութիւնը, թմրեցուցիչներու առեւտուրը, մարդավաճառութիւնը,  բռնութիւնները.... ու այս բոլոր հարցերուն լուծումը կը յանձնէ ամէն մէկուն պատասխանատու թեան, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս – ըսաւ Հայր Լոմպարտին ապա խօսելով Երիտասարդներու հետ հանդիպումի մասին որոնք Նորին Սրբութեան կողմէն  որակուեցան '' Մեքսիոյի հարստութիւնն ու յոյսը'' Հայր Լոմպարտին ըսաւ թէ պատանիները, մանուկներն ու երիտասարդները` Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան ապագան են, առանց անոնց չկայ եկեղեցի եւ ասոր համար երիտասարդներու յանձնառումը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կարեւոր է այնպէս ինչպէս կարեւոր է անոնց յանձնառումը ընկերութեան ի սպաս։ Նոյն պատգամը որ Նորին Սրբութիւնը ուղղեց Մեքսիքոյի կղերական դասին ''չի համակերպելու'' իրենց շուրջ գոյացած իրականութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.