2016-02-17 12:06:00

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընգրկուած է ՄԱԿ-ի պատուոյ ցանկին մէջ


Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2016-ին ներառուած է ՄԱԿ-ի պատուոյ ցանկին (Honour roll) մէջ` կազմակերպութեան կանոնաւոր պիւտճէին ժամանակին եւ ամբողջութեամբ կատարուած անդամավճարներուն համար:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցմամբ` 2016-ի Յունուարին ՀՀ կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին փոխանցուած 150,039.00 ամերիկեան տոլար, որպէս ՄԱԿ-ին ՀՀ անդամակցութեան գծով 2016-ի տարեկան անդամավճար:

Պատուոյ ցանկին մէջ ընգրկուած են այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուան առաջին 30 աշխատանքային օրուայ ընթացքին ամբողջութեամբ վճարած են ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիւտճէին անդամակցութեան գծով ֆինանսական պարտաւորութիւնները:

Այս տարի պատուոյ ցանկին մէջ ներառուած է ՄԱԿ-ի 193 անդամ երկիրներէն միայն 27-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.