2016-02-17 13:00:00

Հակիրճ տուեալներ Ֆրանչիսկոս Պապի 17 փետրուարին այցելած վայրերու մասին


Ֆրանչիսկոս Պապ Չիուաուա նահանգին մէջ

(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի մէջ Չիուաուա նահանգը  ամենամեծ նահանգն է իր 247.938 քմ տարածութեամբ։ Ան ունի 67 քաղաքապետարաններ։ Նահանգի գլխաւոր քաղաքն է Չուտատ Խուարես քաղաքը որ սահմանակից է  Ամերիկիոյ  Թեքսաս քաղաքին եւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին մեքսիքօ կատարած ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը կը հանդիսանայ։ 

Նշենք թէ Նահանգի հիսիսային արեւմտեան կողմերը յայտնաբերուած են  ՔԱ 12000-7000 թուականէն նետեր։

Չիուաուա նահանգի Չուտատ Խուարես գլխաւոր  քաղաքը

Չուտատ Խուարես  քաղաքը հիմնուած եւ յայտնաբերուած է 1659- թուականին, սպանացիներուն կողմէ։ Անոր բնակչութեան թիւն է 1.219.338։

Մեքսիքոյի մէջ համարուած է հինգերորդ մեծագոյն քաղաքը ինչպէս նաեւ արտադրական կեդրոն։

Վերջին վիճակագրական տուեալներուն համաձայն ոճրագործութեան  եւ թմրեցուցիչի վաճառականութեան պատճառով նկատուած է աշխարհի ամենէն վտանգաւոր քաղաքներէն մին։

Վերջին  4 տարիներուն բնակչութեան 18 առ հարիւրը այլ  քաղաքներ փոխադրուած են թմրեցուցիչի վաճառականութենէն  յառաջացած պատերազմներէն խուսափելու համար։

Չուտատ Խուարեսի եկեղեցական  թեմը

Զուտատ Խուարեսի  թեմը հիմնուած է 10 ապրիլ 1957ին։  Քաղաքի բնակչութեան 85 առ հարիւր կաթողիկէներ են։ Թեմը ունի 73 ժողովրդապետութիւններ, 4 եկեղեցիներ կամ միսիոնարական կեդրոններ, 98 թեմական քահանաներ, 30 կրօնաւորներ, 177 կրօնաւորուհիներ։

Չուտատ Խուարեզի թեմը կը գործէ իր 15 կրթական կեդրոններով ինչպէս նաեւ 66 բարեսիրական հաստատութիւններով։

Վերջին տարուան մկրտեալներուն թիւն է 15156.

 

Թեմին եպիսկոպոս է գերապայծառ Խօսէ Կուատալուփէ Թորրես Քամբոս։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 19 յունուար 1960-ին, եպիսկոպոս օծուած է 2 յուլիս 1984-ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.