2016-02-17 16:30:00

ԱՄՆ-ն կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ դադրեցնելու Սուրիական տարածքի ռմբակոծումները


Միացեալ Նահանգները կոչ ըրած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավարական միութեան ռազմական թեւին ինչպէս նաեւ Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկատներուն նուազեցնել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ աճող լարուածութիւնը` տարածաշրջանին մէջ իրենց ներկայիս գործողութիւնները դադրեցնելով, կը հաղորդէ tert.am-ը:

«Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկատները պէտք է դադրեցնեն իրենց գործողութիւնները, որոնք մեր կարծիքով լարուածութիւնը կը մեծցնեն: Բայց մենք նաեւ կոչ կ’ընենք Թուրքիոյ, որպէսզի ան դադրեցնէ սահմանէն այն կողմ ռմբակոծութիւնները»,- ըսած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի խօսնակ Մարք Տօնըր Փետրուար 16-ին` մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Թուրքիան Փետրուար 13-էն սկսեալ կը ռմբակոծէ քիւրտերու դիրքերը հիւսիսային Սուրիոյ Ազազ քաղաքին մէջ:

Տօնըր նաեւ վերահաստատած է ԱՄՆ-ի նախորդ յայտարարութիւնները` նշելով, որ Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավարական միութիւնը եւ Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկատները արդիւնաւէտ գործընկերներ են Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին։

Քաղուած Եռագոյնէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.