2016-02-16 09:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մեքսիքացի ընտանիքներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուն հազար հաւատացեալներ­, իրենց մասնակցութիւնը բերին Ընտանիքներու Հաւաքին զոր տեղի ունեցաւ Մեքսիքոյի, ''Թուքսթլա Կութիերես'' քաղաքի մարզադաշտին մէջ, 15 փետրուարի յետմիջօրէի 4,15-ին (Հռոմի ժամով 23,15-ին)։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին արտասանած Ճառէն առաջ չորս ընտանիքներ Քահանայապետին ներկայացուցին իրենց վկայութիւնները ներկայացնելով ընտանիքի գեղեցկութեան այժմէականութիւնը ու ընտանիքին ապրած դժուարութիւններն ու կեանքի յանձնառումը, ապա խօսք առաւ Սրբազան Քահանայապետը  որ երախտագիտութիւնը արտայայտեց ընտանիքներուն որոնք պարզութեամբ ներկայացուցին իրենց վկայութիւնները որոնց շարքին անդամալոյծ է Մանուել անունով երախայ մը, զոյգ մը որ իրենց հաւատարիմ ամուսնութեան 50-րդ տարեդարձը  կը տօնախմբէին, ապա տիկին մը որ ապահարզան եղած է եւ քաղաքացիական երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքած է եւ որ նուիրուած է աղքատներու ծառայութեան հուսկ առանձին ապրող Մայր մը որ առանձնութեան պատճառաւ փորձուած էր յաճախ վիժումի դիմելու սակայն կրցած է յաղթահարել այդ փորձութիւնը եւ ընտրել կեանքը։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Մանուէլին դրուատեց անոր քաջութիւնը` խրախուսելով եւ սրտապնդելով ընտանիքը եւ ընկերները։ Սրտապնդիչ խօսքերով Քահանայապետը յիշեց, թէ Աստուած մեզի միշտ կու տայ ոյժ եւ մեզ կը խրախուսէ յառաջ ընթանալու, ինչպէս Ան սրտապնդած էր առաջին զոյգը դրախտի մէջ, որոնց համար ամէն ինչ կը թուէր կորուսեալ։ Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ Իսրայէլի ժողովուրդը, որոնց Աստուած յոյս եւ քաջութիւն ներշնչած էր՝ անոնց անապատի մէջէն կտրած քառասուն տարիներու ճանապարհի ընթացքին։ Ապա Աստուած մարդկութիւնը խրախուսեց՝ տալով մեզի Իր Որդին։ Աստուած մեզի միշտ ոյժ կու տայ, շեշտեց Սրբազան Հայրը։ Որովհետեւ Անոր անունը սէր է, Անոր անունը անշահախնդիր պարգեւ է, Անոր անունը նուիրում է, Անոր անունը ողորմածութիւն է։ Աստուած մեզի կը շնորհէ արքայութիւնը։ Արքայութիւն մը, որ ունի ընտանիքի բոյրը, որ ունի բաժնեկցեալ կեանքի համը։ Յիսուսի Քրիստոսի մէջ է՝ որ այս արքայութիւնը կʼիրականանայ։ Ան կարող է փոխակերպելու մեր հեռանկարները, մեր վերաբերմունքը։ Ան կարող է բուժելու մեր սրտերը, եւ միշտ մեզ կը հրաւիրէ վերստին կանգնելու։ Ան կարող է ամէն ինչ նորոգելու։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ չափահասներու դժուարութիւններուն, նշելով՝ թէ կեանքին մէջ ստէպ կʼապրինք անորոշութիւն եւ առանձնութիւն։ Երբեմն, ամենաանհրաժեշտ բաներու պակասը՝ մեզ կրնայ մղել յուսալքումի, մեզ կրնայ տագնապեցնել, մեզ կը դարձնէ տատամսոտ եւ տարտամ, որ կրնայ մեզ տանիլ մեկուսացումի։

Ներկայ ժամանակներուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս ընտանիքը զանազան ճակատներու վրայ կը խոցուի եւ բանավէճի առարկայ կը դառնայ։ Կը կարծուի թէ ընտանիքը այլեւս ժամանակավրէպ է եւ անկարող՝ մեր ընկերութեան մէջ գտնելու իր տեղը։ Այս բոլորը կը կատարուի արդիականութեան պատրուակով, ուր միշտ աւելի կը քաջալերուի կառոյց մը, որ հիմնուած է մեկուսացման վրայ։ Յստակ է, թէ ընտանեկան կեանքը դիւրին չէ, ստէպ վշտալի է եւ յոգնեցուցիչ։ Սակայն նախընտրելի է խոցուած ընտանիք մը, որ ամէն օր կ՛աշխատի նորոգել սէրը՝ քան ընկերութիւնը մը, որ հիւանդ է՝ որովհետեւ սիրելու վախով լեցուած՝ փակուած է եւ ինքզինք հանգստաւէտութեան տուած։ Նախընտրելի է ընտանիք մը, որ կրկին ու կրկին կը փորձէ վերսկսիլ՝ քան ինքնահաւան, եւ ճոխութեամբ ու հանգստաւէտութեամբ պարուրուած ընկերութիւն մը։ Նախընտրելի է զոհողութիւններէ յոգնած դիմագիծով ընտանիք մը, քան շպարուած դէմքեր՝ որոնց անծանօթ է քնքշութիւն եւ կարեկցութիւն։

Սրբազան Պապը ընդառաջելով ընտանիքներու բաղձանքին՝ խոստացաւ աղօթել անոնց համար անմիջապէս։ Վերջապէս ան կրկին զանոնք սրտապնդեց, յիշեցնելով, որ Կուատալուփէյի Տիրամայրը միշտ պատրաստ է պաշտպանելու ընտանիքները. միշտ պատրաստ քաջալերելու մեզ՝ տալով մեզի իր Որդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.