2016-02-16 10:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 փետրուարի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 15 փետրուարին,  Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթերեան կայքին մէջ հրատարակուեցան այլ թուիթներ քաղուած` Մեքսիքօ կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին արտասանած  ճարերէն ու պատգամներէն։

Առաջին թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է ՝՝Մարդուն սրտին մէջ կայ իղձը ապրելու ազատութեամբ, երկրի  մը մէջ ուր՝ կարելի ըլլայ փոփոխութիւններ կատարել եղբայրասիրութեամբ ու զօրակցութեամբ''։

Երկրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց ''Ամենաշատ հարստահարուած աղքատներուն միջեւ կայ մեր երկրագունդը. Չենք կրնար անտարբեր մնալ սոյն հսկայալան բնապահպանողական տագնապին դիմաց''

Իսկ երրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ ''Կը նախընտրեմ ընտանիք մը, զոհողութիւններու բերումով  յոգնած դիմագիծով քան ան շպարուած դէմքեր՝ որոնց անծանօթ է քնքշութիւնն ու կարեկցութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.