2016-02-16 10:53:00

Ողջոյնի կոչ Սուրիահայութեան


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջինարեւելեաներկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Անթիլիաս) 13 Փետրուար 2016 թուականին, տարբեր երկիրներէ եկած զեկուցումներուն կարգին, խորհրդաժողովի ներկաներս ուշադրութեամբ ունկնդրեցինք հալէպահայութեան մասնակցութիւնը համազգային այն մեծ իրադարձութեան, որ կը կոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշում:

Այս առիթով ներկաները բարձր կը գնահատեն սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէս բերած ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ կորովը. անոնք գտնուելով պատերազմական ծանր պայմաններու տակ, ռմբակոծութիւններու ներքեւ` պատերազմին պատճառած իրենց արտահերթ եւ դժուարին մտահոգութիւններուն առընթեր կը շարունակեն կեանքի ու մահուան կռիւ տալուն զուգընթաց մասնակցիլ համազգային մեր մտահոգութիւններուն:

Այս առիթով խորհրդաժողովին ներկաները միաձայնութեամբ իրենց ողջոյնը կ՛ուղղեն իրենց սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Կը մաղթենք, որ Սուրիան արագօրէն դուրս գայ պատերազմական այս իրավիճակէն, բռնէ խաղաղ բարգաւաճման ուղին եւ այդ ճամբուն վրայ սուրիահայութիւնը վերստանձնէ իր քաղաքացիական ու ազգային շինարար աշխատանքը:

Մինչ այդ, ժողովականները կը գտնեն, որ համայն հայութիւնը` Հայաստանի պետականութեամբ, հոգեւոր կեդրոններով, կուսակցական, ազգային բազմաբնոյթ մարմիններով պարտի շարունակել իր ամբողջական այլաբնոյթ օժանդակութիւններով թիկունք կանգնիլ սուրիահայ մեր ազգակիցներուն, որպէսզի սուրիահայ գաղութը վերագտնէ ինքզինք եւ դառնայ երբեմնի հայակերտման օճախը:








All the contents on this site are copyrighted ©.