2016-02-16 17:30:00

''Մորելիայի'' մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Մեքսիքոյի կղերական դասին մասնակցութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 16 Փետրուար 2016-ի տեղական ժամով 10-ին (Հռոմի ժամով 17-ին) Ֆրանչիսկոս Պապը` Մորելիայի մարզադաշտին մէջ, համապարագ մատուցեց, Մեքսիքացի եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու ու ժառանգաւորներու մասնակցութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը սուրբ զոհի ընթացքին գործածեց Մորելիայի Արքեպիսկոպոսին իրենց նուիրած Միչուաքանի առաջին եպիսկոպոս` Վասքօ Վասքէզ Տէ Քիրոկայի եպիսկոպոսական գաւազանը եւ բաժակը։  

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նախ  աղօթքի կարեւորութեան եւ աղօթքի ու կեանքի միջեւ գոյացած կապի մասին։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, իր առաքեալները ուզեց ներմուծել կեանքի խորհուրդին մէջ, Իր կեանքի խորհուրդին մէջ, անոնց սորվեցնելով ինչպէս աղօթել ու փորձարկել Հօր Աստուծոյ կեանքը ''Հայր մեր'' կոչելով Արարիչ Տէրը։

''Հայր մեր'' արտայայտութիւնը Յիսուսի մէջ ունի կեանքի նշանակութիւն, փորձառութեան հարազատութիւն։ Յիսուս գիտցաւ ապրիլ աղօթելով ու աղօթեց` ապրելով եւ մեզ հրաւիրեց նոյնը կատարելու, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու  մատնանշեց  ''մեր առաջին կոչումն է փորձարկել մեր կեանքին մէջ Ողորմած Հօր սէրը։ Սորվիլ կոչել զինք ''Հայր մեր'', ''Աբբա''։ Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներու ուղղած առաջին թուղթին մէջ (1Կոր. 9,16) կը գրէ վա՜յ ինծի, եթէ չաւետեմ, որովհետեւ աւետարանութիւնը փառք մը չէ այլ անհրաժեշտութիւն։

Յիսուս, ըսաւ ապա ֆրանչիսկոս Պապը, մեզ` քահանաներ, նուիրեալ անձինք ու ժառանգաւորներ, կոչեց ըլլալու Տիրոջ վկաները եւ ոչ թէ աստուածութեան մը պաշտօնատարներ։ Ան մեզ կոչեց մասնակցելու Աստուածային կեանքին` Իր կեանքին, եւ վա՜յ մեզի եթէ չապրինք այդ Աստուածային կեանքը ու այդ կեանքին վկայութիւն չտանք։ Մենք աստուածային պաշտօնեաներ չենք, ոչ ալ կ`ուզենք ըլլալ Աստուծոյ պաշտօնատարները, որովհետեւ մենք կանչուած ենք Անոր կեանքը ապրելու։ ի՞նչ է մեր առաքելութիւնը,  եթէ ոչ` ըսել մեր կեանքով. ''Հայր մեր'' հաստատեց Քահանայապետը եւ աւելցուց­. ''Այս ''Հայր մեր-ով'', մենք ամէն օր կ`ըսենք  ''մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն''։  Յիսուս նոյնը աղօթեց։ Ան աղօթեց որպէսզի իր աշակերտները փորձութեան մէջ չիյնան։ Ու այդ  փորձութիւնը համակերպութիւնն է` յաչս աշխարհի մէջ տիրող բռնութիւններուն, կաշառակերութեան, թմրեցուցիչի առեւտուրին, մարդու արժանաւորութեան արհամարհանքին ու տառապանքին դիմաց անտարբերութեան''։ Համակերպութիւնը կարող է մեզ անկար դարձնել ու արգելք հանդիսանալ յառաջանալու, ծրագիրներ մշակելու ու հռչակելու եւ փառաբանելու Տէրը։  Այս պատճառաւ է որ աղօթելու ենք ''Հայր մեր` մի թողուր որ իյնանք փորձութեան մէջ''։

Սրբազան Հայրը ապա յորդորեց յաղթահարել համակերպութեան փորձութիւնը օրինակ բերելով անցեալի աւետարանիչները ու յատկապէս սպանացի առաքեալ` “ Vasco Vasquez de Quiroga ”ն` Միչուաքան նահանգի առաջին եպիսկոպոսը ու մեծ աւետարանիչ, որ Աւետարանի սիրոյն համար դարձաւ ''ինդու` բնիկ'' ու անոնցմէ կոչուեցաւ ''Թաթա Վասքօ'' այսինքն ''Վասքօ Հայրիկ'' ու աշխատեցաւ յեղաշրջելու անոնց կեանքը, ծառայելով տառատպեալներուն ու կարիքաւորներուն եւ պաշտպանելով բնիկներու իրաւունքները։

Այս յեղաշրջումը դարձաւ աղօթք` ըսաւ Սրբազան քահանայապետը ու վերահաստատեց ''Այս է աղօթքը, որուն Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ, ըլլալու պապիկ, Հայր, աբբա, թոյլ մի տաք սայթաքիլ համակերպութեան փորձութեան մէջ, թոյլ մի տաք յիշողութեան մոռացութեան փորձութեան մէջ իյնալու, թոյլ մի տաք մոռնալ նախահայրերը, որոնք իրենց կեանքով մեզի սորվեցուցին ըսել` ''Հայր մեր'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  իր քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.