2016-02-16 11:11:00

Համաշխարհային Գ. պատերազմը կրնայ ծագիլ Սուրիոյ տագնապին պատճառով. Մետվետեւ


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Փետրուար 11ին ազդարարած է, թէ Սուրիոյ տագնապը կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային երրորդ պատերազմին, յատկապէս եթէ արաբական երկիրներ որոշեն ցամաքային գործողութիւններու դիմել Սուրիոյ մէջ։ Գերմանական թերթի մը հետ հարցազրոյցին ընթացքին, Մետվետեւ հարց տուած է. «Ամերիկա ու արաբական երկիրները լաւ պէտք է մտածեն այն մասին, որ մնայուն պատերազմ կ՛ուզե՞ն, թէ ոչ»։

Ան Սուրիոյ իրավիճակին պատասխանատու նկատած է Ամերիկան, Սէուտական Արաբիան եւ կարգ մը եւրոպական երկիրներ։

Ռուսիոյ վարչապետը ըսած է, որ ռուս զինուորական մասնագէտներ կան Սուրիոյ մէջ, բայց Ռուսիա ցամաքային գործողութիւններուն պիտի չմասնակցի։

Հակադարձելով այս խօսքերուն՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերներէն Մարք Թոնըր պնդեց, թէ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւնները աւելի վատթարացուցած են Սուրիոյ իրավիճակը եւ տագնապին լուծում գտնելու աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.