2016-02-16 13:32:00

՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ մօտիկ է եւ կ՝աղօթէ բոլորին համար՝՝ ըսաւ Հայր Լոպարտին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 16 փետրուարին, Վատիկանի  մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին,  Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ֆրանիչսկոս Պապի 15 փետրուարի՝ Մեքսիքոյի Չիափաս նահանգի մէջ կատարած այցելութիւններու մասին։

Ան յայտնեց թէ Սրբազան Հայրը այցելեց Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազաս քաղաքի մայր տաճարը որուն մէջ 40 տարի ծառայած է  թեմին  երբեմնի եպիսկոպոսը Հայր Սամուէլ Ռուիզը եւ որուն մարմինը կը հանգչի տաճարին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ տաճարին մէջ հանդիպած է  հազարաւոր մարդոց, խումբ մը հիւանդներուն,  կանգ առած  եւ լռելեան աղօթած  է  Հայր Սամուէլ Ռուիզին  գերեզմանին  դիմաց։

Անդրադառնալով Ֆրանչիկսոս Պապի բնիկներու հետ բաժնեկցած ճաշի մասին հայր Լոմպարտին  յայտնեց  թէ անիկա  շատ բնականոն երեւոյթ մըն է Սրբազան Հօր համար որ յաճախ` կը բաժնեկցի ճաշը աղքատներուն եւ գաղթականներուն հետ։

Անդրադառնալով ապա Ֆրանչիսկոս Պապի  ՝՝Չուտատ Խուարես՝՝ քաղաքին մէջ, 17 փետրուարին   մատուցանելիք Սուրբ Պատարագին արարողութեան,  Հայր Լոմպարտին յայտնեց, թէ  արարողութեան պիտի մասնակցին բազմաթիւ անձեր,. որոնք զանազան ձեւերով կապուածութիւն ունին Մեքսիքոյի մէջ յառաջացած բռնատիրական հարցերուն։

Հայր Լոպարտի ապա յայտնեց թէ  Մեքսիքոյի մէջ ''Տեզափարասիտոս - անյայտ վիճակի մէջ անձերուն'' թիւը առ այժմ կը հաշուէ 27 հազար, Ֆրանչիսկոս Պապի դիտաւորութիւնն է մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերել բոլորին` եւ կ՝աղօթէ բոլորին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.