2016-02-16 11:00:00

50 զոհ Սուրիոյ մէջ բժշկական կեդրոններու եւ դպրոցներու վրայ օդային գրոհներու հետեւանքով


ՄԱԿ-ի տուեալներով` երէկ առնուազն 50 մարդ մահացած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող բժշկական հաստատութիւններու եւ դպրոցներու վրայ օդային յարձակումներու հետեւանքով:

Յարձակումներէն մէկուն թիրախը եղած է «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հիւանդանոցը, շէնքի փլուզումը պատճառ դարձած է 7 հոգիի մահուան։

Azadutyun.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի-Մունը միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտում որակած է այդ յարձակումները, որոնք տեղի ունեցած են գերտերութիւններու` հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերելէն յետոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.