2016-02-15 17:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը ''Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազաս''ի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 15 Փետրուարին առաւօտեան,  ֆրանչիսկոս Պապը, տեղական բնիկ հասարակութիւններու մասնակցութեամբ, պատարագ մատուցեց ''Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազաս'' ի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ։ Բազմահազար հաւատացեալները մեծ գորովով ու ջերմութեամբ ընդունեցան Նորին Սրբութիւնը` աղքատներու, արդարութեան ու խաղաղութեան Քահանայապետը։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարուած ընթերցանութիւններն ու աղօթքները արտասանուեցան տեղական բնիկ հասարակութիւններու բարբառներով։ Յայտնենք թէ բնիկ հասարակութիւնները` անցեալին ու նաեւ ներկայ ժամանակներուն, յաճախ թիրախ եղած են անտեսումի եւ անարդարութիւններուն եւ Սրբազան Քահանայապետը մասնաւորապէս շեշտը դրաւ այս իրողութեան վրայ` ներողութիւն խնդրելով անոնցմէ իրենց կրած անարդարութիւններուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան սաղմոսին վրայ  ''Տիրոջ օրէնքը կատարեալ է, կը հանգստացնէ հոգին...Տիրոջ օրէնքն անբիծ է եւ կը վերափոխէ հոգիները. Տիրոջ վկայութիւնն ստոյգ է եւ իմաստուն կը դարձնէ տհասները։ Տիրոջ արդարութիւնն ուղիղ է եւ կը զուարճացնէ սրտերը. Տիրոջ պատուիրանները լոյս են ու լոյս կու տան աչքերուն։ Տիրոջ երկիւղը սուրբ է եւ սուրբ կը մնայ յաւիտեան։ Տիրոջ դատաստանները ճշմարիտ են եւ ինքնին՝ արդար''։

Այս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, օրէնքն է զոր Իսրայէլի ժողովուրդը ընկալեց Մովսէսի ձեռքով. Օրէնք մը որ պիտի օգներ Աստուծոյ Ժողովուրդը ապրելու այն ազատութեան մէջ որուն կանչուած էր։

Իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու մտքին մէջ դրոշմուած է հողի մը տենչը, ձգտումը ժամանակի մը` ուր արհամարհանքը յաղթահարուած ըլլայ եղբայրութենէն, անարդարութիւնը  յաղթահարուած ըլլայ զօրակցութենէն ու բռնութիւնը բնաջնջուած ըլլայ խաղաղութենէն։

Մեր Հայր Աստուածը ոչ միայն կը բաժնեկցի այս իղձը։ Ան անձամբ մեր մէջ արթնցուց  զայն եւ զայն կը յարուցանէ` մեզի պարգեւելով իր Միածին Որդին`Յիսուս Քրիստոսը։ Անոր մէջ կը գտնենք Հօր Աստուծոյ զօրակցութիւնը որ մեզի հետ կ՛ընթանայ։ Անով կը տեսնենք որ կատարեալ օրէնքը կը մարմնանայ, դիմագիծ մը կ՛ունենայ, պատմութիւն կը դառնայ, որպէսզի ընկերանայ ու նեցուկ կանգնի իր ժողովուրդին։ Կը դառնայ ճանապարհ­­,­ ճշմարտութիւն ու կեանք որպէսզի խաւարը չունենայ վերջին խօսքը­, եւ արեւը երբեք չպակսի Անոր զաւակներու կեանքէն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ ինչպէս շատեր կ՛ուզեն խափանել այս տենչը ամէն տեսակ զեղծումներով որոնց առջեւ նոյնիսկ արարչութիւնը իր ձայնը կը բարձրացնէ ի տես կիրարկուած չարիքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հուսկ ակնարկեց բնապահպանութեան կարեւորութեան մասին։ Բնութեան մեծ տագնապին ի տես կարող չենք լռել ու մենք մեզ անտարբեր ձեւացնել, յարեց Սրբազան Քահանայապետը  ու հաստատեց թէ ''Մեքսիքացի բնիկները այդ ուղղութեամբ բան մը ունին մեզի սորվեցնելիք''։

Ձեր ժողովուրդները  գիտցան ներդաշնակօրէն ապրիլ բնութեան հետ­, յարգելով հողը որպէս աղբիւր սննդառութեան, հասարակաց տուն եւ մարդկային բաժնեկցութեան խորան։ Սակայն, դժբախտաբար ձեր ժողովուրդները շատ անգամներ, անտեսուեցան ընկերութենէն ու մի քանիներ արհամարհեցին ձեր արժէքները, մշակոյթն ու աւանդութիւնները զանոնք նկատելով ստորադաս։ Ուրիշներ դրամի ու առեւտուրի օրէնքներէն տարուած` ձեր հողերը կողպոտեցին ու զանոնք բռնագրաւեցին ու իրենց ծրագիրներով ապականեցին զանոնք։ Ինչ տխրութիւն։ 

Որքան մեծ բարիք պիտի ըլլար բոլորիս համար եթէ խիղճի քննութիւն մը կատարենք ու սորվինք ներողութիւն ըսել։ Ներողութիւն եղբայրներ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ ''այսօրուան աշխարհը ձեզի պէտք ունի։ Այսօրուայ նոր սերունդը, որ  ենթակայ է հողը ապականող մշակոյթի մը` կարիքն ունի որ տարեցներու իմաստութիւնը չկորսուի։ Այսօրուան աշխարհը կարիքն ունի սորվելու ''ձրիութեան'' արժէքը ։

Ան ապա խօսքին աւարտին հաստատեց թէ  ''Արարիչ Տէրը մեզ չի լքեր­, իր սիրոյ ծրագիրէն բնաւ ետ քայլ չի կատարեր­ եւ չէ զղջացած մեզ ստեղծած ըլլալուն համար։ Այս ծիսակատարութեամբ - ըսաւ ապա Քահանայապետը -  կը հաստատենք թէ Յիսուս Քրիստոս կը շարունակէ մեռնիլ ու յարութիւն առնել ամէն անգամ որ բարի գործ կատարենք հանդէպ փոքրիկ եղբայրներուն։ Իրար զիրար քաջալերենք  շարունակելու  ըլլալ վկաները անոր Չարչարանքին­, Անոր փառաւոր Յարութեան, ապրելով ''Տիրոջ օրէնքը որ կատարեալ է կը վերափոխէ հոգիները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.