2016-02-15 11:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 փետրուարի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 14 փետրուարին,  Մեքսիքոյի Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքին վրայ լոյս տեսան հետեւեալ երեք թուիթները ։

Առաջին թուիթը ''Քառասնորդացը ժամանակ է մեր զգայարանքները կանոնաւորելու, անարդարութեան դիմաց մեր աչքերը բանալու, ու տառապող եղբօր մեր սիրտը բանալու ''

Երկրորդ՝ ՝՝Յիսուս մեզ միշտ կ՝օգնէ շրջանցելու հարստութեան փորձութիւնները, Ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող՝ սնապարծութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը։

Երրորդ ՝՝Յիսուս մեզ կը սպասէ եւ կ՝ուզէ մեր սիրտը բուժել զայն ստորադասող բոլոր իրողութիւններէն։ Անուն ունեցող Աստուած մըն է` Ողորմութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.