2016-02-15 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց ''ֆետերիքօ Կոմէզ'' մանկաբուժարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 14 Փետրուարի յետմիջօրէին, տեղական ժամով 4,35-ին (Հռոմի ժամով 23,35-ին) Ֆրանչիսկոս Պապ, Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս այցելելէ ետք  ''Էքաթեփէք'' թեմը, ինքնաթիռով վերադարձ կատարեց Մեխիքօ քաղաք` ուր այցելեց ''ֆետերիքօ Կոմէզ'' մանկաբուժարանը, հանդիպում ունենալով այնտեղ խնամուած մանուկներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու հիւանդանոցի անձնակազմին ու բարերարներուն հետ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած սրտի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնելով Յիսուսի տաճար ընծայումի պատմութենէն ու անոր ծերունի Սիմէոնին հետ հանդիպումէն, մատնանշեց այս վերջինիս երկու հիմնական վերաբերմունքներուն. Սիմէոն երբ կը տեսնէ Յիսուսը մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ իր գիրկը կ՛առնէ զայն ապա կ՛օրհնաբանէ զԱստուած։ Երախտագիտութիւն եւ օրհնութիւն ըսաւ Քահանայապետը ու նշեց թէ ''Ինք եւս Սիմէոնի նման, ինքզինք մօտիկ կը զգայ այս վարուելակերպին։ ''Մէկ կողմէն երբ այդ դուռէն մուտք գործեցի տեսնելով ձեր հայեացքը, ձեր աչքերը, ձեր ժպիտները ու ձեր դէմքերը իմ մէջս արթնցաւ երախատագիրութեան իղձը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով ''գորովին որով զինք ընկալեցին''։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անոնց որոնք ամէն ջանք կը դափեն մանուկներու շուտափոյթ առողջութիւնը ապահովեցնելու համար, եւ ''միաժամանակ կ՛ուզեմ ձեզ օրհնել, խնդրել Աստուծմէ որ ձեզ օրհնէ, ու ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն ընկերանայ եւ ընկերանայ բոլոր անոնց որ ձեզ կը խնամեն'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Խուան Տեկոյին ու Աստուածամօր անոր ուղղած խօսքերուն. ''մի վրդովիր, ես հոս եմ, ես քու Մայրդ եմ, ինչո՞ւ կը վախնաս...'' հուսկ հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ մարիամ'' աղօթքը ապա հայցեց Տիրոջ եւ Կուատալուփի Տիրամօր հովանին ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Հիւանդ մանուկներու հետ հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը այցելեց նաեւ մանկաբուժարանի քաղցկեղի հիւանդութեան բաժինը ու առանձնական հանդիպում ունեցաւ այնտեղ խնամուած մի քանի մանուկներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.