2016-02-15 09:52:00

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամներուն


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 15 փետրուարի առաւօտեան, Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. «Կ՛ուզեմ յիշեցնել խորհրդարանի անդամներուն եւ երեսփոխաններուն, թէ իրենք մեծ սխալ մը կը գործեն, երբ կ՛անտեսեն իրենց աշխատանքը, որուն նպատակն է ծառայել լիբանանցի ժողովուրդին: Ատիկա մեծ սխալ մըն է, իսկ անոր հետեւանքները յստակ կերպով կը դրսեւորուին երկրին տնտեսական, բարգաւաճման եւ ընկերային մարզերուն վրայ»:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երեսփոխանական այն պլոքները, որոնք կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, կը քանդեն պետութիւնը:

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան տարելիցին առիթով Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր կնոջ, զաւակներուն, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի` մաղթելով, որ հայրենիքին համար զոհուած եւ արիւն թափած պետական բոլոր անձնաւորութիւններուն ու նահատակներուն յիշատակը դառնայ երկրին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու մղիչ ուժը:








All the contents on this site are copyrighted ©.