2016-02-15 08:58:00

Հայ Ընտանիքը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու աղբիւրն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Իւրաքանչիւր տարուան 14 Փետրուարին Հայ եկեղեցին կը նշէ Քրիստոսի Տաճար ընծայման տօնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, հանդիսապետութեամբ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու:

«Երեկոյեան» ժամերգութեան աւարտին, տաճարի ատեանին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը:

Արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատելով ներկաները յորդորեց երիտասարդ ծնողները, որ աչալուրջ ըլլան իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան եւ խստապահանջ մեր մանուկներուն ու երիտասարդ սերունդին նկատմամբ` վառ պահելու ազգային-եկեղեցական աւանդութիւնները: Վեհափառ հայրապետը խօսելով հայ ընտանիքին մասին ըսաւ. «Սրբազան կառոյց է հայ ընտանիքը իր աստուածատուր առաքելութեամբ: Ան մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է: Հայ ընտանիքը ճակատագրական դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները: Հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն»:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, շարականներու երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ մայրավանքի շրջափակը, եւ Ս. սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի խարոյկը` Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու ներկաները: Դպրեվանքի ուսանողները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Ապա, հաւատացեալները իբրեւ օրհնութիւն վառած մոմեր տարին իրենց տուները:








All the contents on this site are copyrighted ©.