2016-02-14 08:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Կուատալուփէի սրբավայրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 Փետրուար 2016-ին, Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս,  յետմիջօրէի ժամը 4-ին (Հռոմի ժամով 23.ին) Ֆրանչիսկոս Պապ ուխտագնացութիւն կատարեց Կուատալուփի Տիրամօր Սրբավայր ու սրբավայր Պազիլիքային մէջ հանդիսապետեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Յայտնենք թէ սոյն սրբավայրը Մեքսիքացիներուն համար կարեւորագոյն ու մեծագոյն սրբավայրն է ուր ամէն տարի աւելի քան 20 միլիոն հաւատացեալներ կու գան հայցելու Տիրամօր բարեխօսութիւնը։

Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որ կը խօսի Տիրամօր` Եղիսաբեթ ազգականին տուած այցելութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ﹒''Մարիամ հազիւ իմացաւ Գաբրիէլ հրեշտակապետէն­, Եղիսաբեթ` ազգականին յղութիւնը, անյապաղ ճամբայ ինկաւ ու անոր մօտ գնաց։ Հրեշտակապետին աւետումով ինքզինք առանձնաշնորհեալ չնկատեց, չքաշուեցաւ ընկերութենէն, ընդհակառակը շարունակեց զԱստուած պաշտել ու իր եղբայրօգնութիւնը ցուցաբերել եղբայրներուն։

Մարիամ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ուզեց նաեւ այցելել ամերիկեան ցամաքամասի բնակիչները`  հնդիկ սուրբ Խուան Տիեկօ-ի երեւնալով։ Նոյնպէս ան այսօր կը շարունակէ մեզ այցելել եւ յատկապէս այցելել տկարներն ու աղքատները։

1531 Դեկտեմբերի արշալոյսին Խուանը դարձաւ արժանաւոր պատգամաբերը յոյսի։ Այդ արշալոյսին Աստուած արթնցուց ու կը շարունակէ արթնցնել յոյսը տկարներուն, տառատպեալներուն եւ բոլոր անոնց որոնք արժանավայել տեղ մը չունին այս երկրին վրայ։ Այդ աշալոյսին Խուան սկսաւ փորձարկել ու ճանչնալ իմաստը յոյսի ու Աստուծոյ ողորմութեան։ Ան ընտրուեցաւ հսկելու, խնամելու, պահպանելու ու նպաստելու այս սրբավայրի շինութեան – յարեց ապա Քահանայապետը մատնանշելով թէ ''Խուան ինքզինք անարժան ու անպատրաստ կը զգայ իրեն յանձնուած առաքելութեան համար, Աստուածածինը սակայն անոր վճռակամ ''ոչ'' կ՛ըսէ ու կը խնդրէ  որ ինք ըլլայ իր պատգամաւորը, քարոզելով Աստուծոյ սէրն ու արդարութիւնը, կերտելու համար կեանքի սրբավայրը։

Այս սրբավայրը այցելելով մտաբերենք Խուան Տիեկոն, դիտենք Տիրամայրը, պատմենք անոր մեր սրտի վիշտերը, վախերը, վհատութիւնն ու տրտմութիւնը­ - ըսաւ ապա ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց - Նայինք Տիրամօր լռութեամբ։ Թոյլ տանք որ Մարիամը իր մայրական աչքով դիտէ մեզ ու ամոքէ մեր սիրտը։ Ան` Խուան Տիեկոյի նման մեզմէ պիտի խնդրէ որ ըլլանք իրեն պատգամաւորները` սովածներուն կերակուր տալով, ծարաւներուն` ջուր, անօթեւաններուն բնակարան, մերկերուն`զգեստ, այցելելու բանտարկեալները, ներելու մեր թշնամիները, մխիթարելու վհատները եւ ըլլալու համբերատար ու մասնաւորապէս զԱստուած փառաբանելու` աղօթքով ու պաղատանքով։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց Տիրամօր` Խուան Տիեկոյին ուղղած խօսքերով.

''Մ՞իթէ ես քու Մայրդ չեմ, քեզի հետ չեմ։ Գնա` շինէ իմ սրբավայրս, օգնէ ինծի լուծելու զաւակներուս` քու եղբայրներուդ կեանքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.