2016-02-14 20:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքը ''Էքաթեփէքի'' մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 14 Փետրուարին, Մեսքիքոյի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս. Ֆրանչիսկոս Պապ հանգրուան կատարեց ''Էքաթեփէք'' ուր` տեղական ժամով առաւօտեան (Հռոմի ժամով յետմիջօրէի 18,30-ին) մատուցեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին արտասանեց նաեւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը` ներշնչուած   օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր կը խօսուի Մովսէսի Իսրայէլի ժողովուրդին ուղղած կոչի մասին ''միշտ յիշելու Տիրոջմէ ընկալուած բարիքները''։ Քահանայապետը հաստատեց թէ Աստուծոյ ներգործութիւններու յիշատակը կը մղէ Տիրոջ հանդէպ երախտագիտութեան զգացումին, ապա ակնարկեց թէ ինչպէս Մեքսիքացիները եւս, կանչուած են, յիշելու եւ յիշատակելու, պատմութեան հոլովոյթին Աստուծոյ իրենց հետ ուղեւորութիւնը ու նայելով իրենց զաւակներուն գիտակիցելու թէ անոնք հողի, լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութեան ժառանգները չեն միայն, այլեւ ժառանգորդներ կենդարի հաւատքի մը` որ կ՛արտայայտուի Աստուծոյ զօրակցութեան ու անոր մօտիկութեան վստահութեան մէջ։

Քահանայապետը ապա մէջբերեց ու նորոգեց Պօղոս Զ Քահանայապետի յորդորը ուղղուած մեքսիքացիներուն ''կարիքաւորներուն հետ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուելու'' եւ այնպէս մը ընելու որ Մեքսիքոյի այս օրհնուած հողը դառնայ նպաստաւոր պատեհութիւններու վայր, ուր`  երազները իրականացնելու համար կարիք չ՛ըլլայ գաղթականութեան դիմելու, ուր` աշխատելու համար թիրախ չհանդիսանալ չարաշահումի եւ ուր` շատերու աղքատութիւնն ու յուսահատութիւնը քիչերու պատեհապաշտութիւն չդառնայ։

Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց Կուատալուփի Տիրամօր աղօթք բարձրացնելով ու անորմէ հայցելով օգնութիւն  ''ըլլալու հաղորդութեան, ծառայութեան, բոցավառ հաւատքի, աղքատներու հանդէպ սիրոյ եւ արդարութեան  վկաներ, որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը հասնի աշխարհին ծայրերը եւ ոչ մէկ արուարձան զուրկ մնայ լոյսէն ( Աւետարանի ուրախութիւն, 288)։








All the contents on this site are copyrighted ©.