2016-02-13 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճարը Մեքսիքոյի քաղաքացիական իշխանութիւններուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 13 փետրուարին, Մեքսիքոյի ժամով առաւօտեան ժամը 10.15-ին (Հռոմի ժամով յետմիջօրէին 5.15-ին)  Ֆրանչիսկսո Պապ Մեքիսքոյի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Մեքսիքոյի նախագահական պալատին մէջ հանիդպում ունեցաւ տեղական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ։

Այս առթիւ արտասանած իր ճարին մէջ Քահանայապետը  իր խնդակցութիւնը յայտնեց Մեքսիքոյի մէջ  գտնուելուն համար, եւ ընդգծեց թէ ''եկած է   որպէս ողորմածութեան եւ խաղաղութեան  առաքեալ եւ որպէս Տիրամօր զաւակ՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու Կուատալուփէյի  Տիրամօր որպէսզի թոյլ տայ որ Տիրամայրը միշտ նայի իրեն։ 

Սրբազան Հայրը ապա  Մեքսիքօն համարեց, որպէս մեծ կարողութիւններով  ու հարստութիւններով լի օժտուած երկիր մը,  թուելով անոր համայն տարածքին վրայ գտնուող  բնական հարստութիւնները ու ընդգծելով անոր աշխարհագրական գետնի վրայ առանձնաշնորհեալ  դիրքը, որ Ամերիկեան երկիրներու մէջ կը վերածուի   խաչմերուկի մը։

Մեքսիքոյի հարստութիւններու շարքին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց  բնիկներու մշակութային ստեղծագործիչ ժառանգութիւնը, որ է օրինակ  բազմազանազութեան։ Ապա հաստատեց թէ Մեքսիքոյի գլխաւոր հարստութիւնն է երիտասարդ դիմագիծ ունենալը. այո ըսաւ Քահանայապետը Մեքսիքոյի հարստութիւնը անոր երիտասարդներն են ,որոնք երկրին  մեծամասնութիւնը կը կազմեն եւ այս մէկը թոյլ կու տայ մտածելու ու  ծրագրելու ապագայ մը։Այս առնչութեամբ  Ֆրանչիսկոս Պպա  սահմանագծեց իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնը Մեքսիքոյի  կառուցման  ի շահ ու առաջին կարգին դասեց ''հասարակաց բարիքը'' որ յաճախ չէ գնահատուած այս 21-րդ դարուն ընթացքին։ 

Ան զգուշացուց առանձնաշնորհեալ  ուղիներու փնտռտուքէն  եւ  ուրիշներուն հաշւոյն   նպաստաւոր կեանքի որոնումէն, որոնք –ըսաւ Ան -  բերրի հող են  կաշառակերութեան, տարբեր  մշակոյթներու մեկուսացման, թմրեցուցիչի առեւտուրի, բռնութեան ու նոյնիսկ մարդավաճառութեան, առեւանգումի ու մահուան որոնք տառապանք կը յառաջացնեն ու զարգացումի արգելք կը հանդիսանան։ 

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Մեքսիքոյի հնաւուրց պատմութեան մատնանշելով թէ ''Գոյութիւն ունին քաղաքացիներու վսեմ վկայութիւնները, որոնք հասկցան թէ`  շրջանցելու համար  անհատականութեան փակումէն ծնունդ առած կացութիւնները անհրաժեշտ է համաձայնութեան  մը ընդմէջ  քաղաքական , ընկերային եւ առեւտրական հաստատութիւններու միջեւ` ի սպաս հասարակաց բարիքի որոնումին։ Այս առընչութեամբ Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց ''որոնելու  երկխօսութեան, բանակցութեան , եւ կամուրջներու նոր ձեւեր որոնք կ՝առաջնորդեն դէպի բոլորին հանդէպ աջակցութիւն եւ դէպի ընկերային կեանքի կառուցման, ուր ոչ մէկը ինքզինք զգայ ''մնացորդացի'' մշակոյթին զոհ ։

Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց պատասխանատու մարմիններուն աշխատելու ի սպաս քաղաքացիներուն անոնց տալով առիթ ու կարելիութիւն ըլլալու իրենց ճակատագրին դերակատարները։ Ապա ընդգծեց ''իւրաքանչիւրին անհատական պատասխանատուութեան կազմաւորման հարկաւորութիւնը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ  իր ճարը աւարտեց յոյսի մէկ արտայայտութեամբ յայտնելով, թէ կը մաղթէ այս մեծ ու գեղեցիկ երկիրը այցելել որպէս առաքեալ եւ ուխտաւոր մը  ,որ կ՛ուզէ ձեր մէջ վերանորոգել ողորմութեան փորձառութիւնը՝ որպէս կարելիութիւններու նոր հորիզոն մը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.