2016-02-13 10:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը Քիրիլ Պատրիարքի հետ հանդիպումի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Վերջապէս եղբայրներ ենք։ Այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Աստուծոյ կամքով'' այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջագուրելէ ետք Քիրիլ Պատրիարքը։ ''Վերջապէս'' կրկնեց նաեւ Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարքը իր խնդակցութիւնը յայտնելով այս հանդիպումին համար, հակառակ որ կաթողիկէներու և օրթոտոքսներու միջեւ դժուարութիւնները կը մնան։

Երկու ժամուայ դռնփակ խօսակցութենէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ  ու Կիւրեղ պատրիարքը միացեալ յայտարարութիւն` մը ստորագրեցին Իտալերէն ու Ռուսերէն լեզուներով  որ կազմուած է 30 հատուածներէ, որուն մէջ կ՛ընդգծուի թէ  հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քուպայի մէջ` քառաթեւը հիւսիս-հարաւ-արեւելք-արեւմուտքի, Կղզին̦ որ կը խորհրդանշէ յոյսերը Նոր Աշխարհի ու 20-րդ դարու պատմական ողբերգական դէպքերու,­ ուրկէ ֆրանչիսկոս Պապը և Քիրիլ պատրիարքը ուղղեցին իրենց խօսքը Լատինամերիկայի ու հինգ ցամաքամասերու ժողովուրդներուն­­, ընդգծելով որ Նոր Աշխարհին մէջ քրիստոնէութիւնը ուժգնօրէն կը ծաւալի։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի,  ''պատմականէ'' աւելի հանդիպումը որակեց ''յուզումով լի Աւետարանի Ուրախութեամբ հանդիպում մը'' որ կ՛արտայայտուէր երկու հայրապետներու դէմքերու ընդմէջէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ արդարեւ հաստատեց թէ ''մենք ունինք միեւնոյն­ մկրտութիւնը, եւ համաձայն ենք որ միութիւնը կը կառուցուի ուղեւորութեան ընթացքին''։ Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց իր գոհունակութիւնը այս երկխօսութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով Քիրիլ պատրիարքին ու բոլոր անոնց որոնք սատարեցին այս հանդիպումին, ներառեալ Քուպացի ժողովուրդը ու Քուպայի նախագահը` Ռաուլ Քասթրոն։ ''Եթէ այսպէս շարունակուի Քուպան պիտի դառնայ միութեան մայրաքաղաքը'' ըսաւ Քահանայապետը։

Միւս կողմէն Քիրիլ Պատրիարքը եւս ընդգծեց միասին գործելու կարեւորութիւնը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն­, գեղեցիկ որակելով հանդիպումի կարելիութիւնը։

Քիրիլ պատրիարքի հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակեց իր ճանապարհորդութիւնը դէպի առաքելական միջազգային 12-րդ ճամբորդութեան վայր` Մեքսիքօ եւ ճամբորդութեան ընթացքին ուզեց Քիրիլ պատրիարքի եւ իր միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն բխած զգացումները բաժնեկցիլ իր հետ ճամբորդող 76 լրագրողներուն հետ ու անոնց հանդիպելով յայտնեց թէ ''խօսակցութիւնը ընթացաւ եղբայրներու միջեւ....Ինքզինքս զգացի եղբօր մը առջեւ­, եւ ինք  նոյնը ըսաւ ինծի... Երկու եպիսկոպոսներ որոնք իրարու հետ կը զրուցեն իրենց եկեղեցիներու կացութեան մասին, ապա աշխարհի, պատերազմներու, ուղղափառութեան եւ համա- օրթոտոքս յառաջիկայ սիւնհոդոսի մասին...ես իսկապէս զգացի Տիրոջ ներքին ուրախութիւն մը'' ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց իր մէկ խօսքին թէ ''Եթէ միութիւնը կատարուի գրասենեակներու եւ կամ աստուածաբաններու ուսումնասիրութեամբ, Տէրը դարձեալ պիտի գայ ու մենք տակաւին միութիւնը պիտի իրականացնենք։ Միութիւնը կը կատարուի ուղեւորութեան ընթացքին, միասնական ուղեւորութիւն մը, այնպէս որ երբ Տէրը գայ` գէթ կը տեսնէ թէ կը քալենք''։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ուզեց ընդգծել թէ ստորագրուած միասնական Յայտարարութիւնը ''հովուական'' բնոյթ ունի եւ ոչ թէ ''ընկերային'', ''երկու եպիսկոպոսներ հանդիպեցան հովուական մտահոգութիւններով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն իրենց աշխատանքին համար եւ զաւեշտով փակեց իր խօսքը ըսելով  ''Մեքսիքօ ժամանումիս ինծի կը սպասեն 23քմ երկարութեամբ ''Փափա Մոպիլէի'' ուղեւորութիւն''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.