2016-02-13 08:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Մեքսիքօ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 12 փետրուարին, Մեքսիքոյի տեղական ժամով 19,30-ին (Հռոմի ժամով 13 փետրուարի 02,30-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը, Քուպայի Լա Հապանայի մէջ հանգրուան կատարելէ ետք, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապ – Քիրիլ Պատրիարք պատմական հանդիպումը, ժամանեցին Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետական առաքելական 12-րդ միջազգային ճամբորդութեան վայր` Մեքսիքոյի մայրաքաղաքի ''Պենիթօ Խուարես'' միջազգային օդակայան։

Ֆրանչիսկոս Պապ երրորդ քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Մեքսիքոն եւ սոյն Ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ քահանայապետի մը եօթներորդ այցելութիւնը Մեքսիքոյին, տրուած ըլլալով որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը 5 անգամ այցելած է մեքսիքոն մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը երկիրը այցելած է 2012-ին։

Օդակայանի մէջ կայացած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Մեքսիքոյի առաքելական նուիրակութիւն որ կը հանդիսանայ Մեքսիքոյի մէջ Քահանայապետի կեցութեան եւ բնակութեան վայր։

Օդակայանէն դէպի Առաքելական նուիրակութիւն առաջնորդող ճանապարհի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ արժանացաւ Մեսիքացի ժողովրդին ջերմ ու խանդավառ ընդունելութեան։

Նորին Սրբութեան Մեքսիքօ ժամանումին առաջին օրը պաշտօնական որեւէ հանդիպում չէր նախատեսուած եւ  առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան պաշտօնական յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ 13 փետրուարի առաւօտեան տեղական ժամով 9,30-ին (Հռոմի ժամով 16,30-ին)  նախագահական պալատին մէջ նախատեսուած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.